Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցին Հոլանտն ու Ազնաւուրը


«Թերթ»․- Արդէն չորրորդ տարին ըլլալով Փարիզի մէջ աւանդական դարձած Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհրդի (CCAF)  ընթրիքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 8ին, յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Այս տարի ընթրիքին, ինչպէս նախորդ տարի էր, պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, ներքին գործոց նախարարը, Եւրոպական հարցերով արտաքին գործերու նախարարը, պիտի մասնակցին ծերակուտականներ, պատգամաւորներ, յայտնի անձեր, մասնաւորապէս Շառլ Ազնաւուրը, յայտնի լրագրողներ, տարբեր իրաւաբաններ, ուսուցիչներ, հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ եւ Փարիզի քաղաքապետը», նշած է Փափազեան:

Անոր խօսքով` ընթրիքը լաւագոյն առիթն է համայնքի պատգամները փոխանցելու համար: «Այս տարի յատուկ ձեւով շեշտը պիտի դնենք Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վրայ, որ սահմանադրական դատարանը բեկանեց: Նաեւ պիտի շեշտենք Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը` Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման հարցը: Պիտի խօսինք Ատրպէյճանի եւ Ալիեւի վարչակարգի բնոյթին մասին», ըսած է ան:

Փափազեան նշած է, որ նախատեսուածը հայկական լոպպինգի ընթրիք է: «Քանի մը հարիւր ազդեցիկ մարդ կու գայ մեր ընթրիքին մասնակցելու եւ մեզ լսելու: Չեմ կրնար ըսել, որ անմիջական արդիւնք կ՛ըլլայ ընթրիքէն, բայց անիկա մեր աշխատանքին մաս կը կազմէ»:

CCAFի ընթրիքը կ՛առանձնանայ իր եզակիութեամբ: Նման մակարդակի ձեռնարկ, ըստ անոր` Ֆրանսայի մէջ կ՛ընեն մէկ ալ հրեաները: «Ատիկա մեր տարիներու աշխատանքի արդիւնքն է: Այս ընթացքին կրցած ենք կապեր ստեղծել, յարաբերութիւններ ընդլայնել, կապ հաստատած ենք բոլոր միջավայրերու հետ: Հայութիւնը Ֆրանսայի մէջ հասած է բաւական բարձր մակարդակի», ըսած է ան: