Ֆրանսայի Նախագահի Թեկնածուն Կը Խոստանայ Ապրիլ 24ը Ընդգրկել Ազգային Յիշատակի Օրերու Ցանկին Մէջ


«Արմենփրես»․- Ըստ Nouvelles d’Armenie-ի, Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Նիքոլա Տիւփոն-էնյան կը խոստանայ ընտրուելու պարագային Ապրիլ 24ը ընդգրկել երկրի ազգային յիշատակի օրերու ցանկին մէջ:

Իրեն ուղղուած հարցումին, թէ արդեօք պիտի կը շարունակէ՞ աւանդոյթը, երբ Ֆրանսայի նախագահը իւրաքանչիւր Ապրիլ 24­ին կը մասնակցի Փարիզի մէջ կազմակերպուող յիշատակի արարողութիւններուն, Էնյան նշած է. «Իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24ին Ֆրանսայի մէջ տեղի կ՛ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներ։ Ատիկա Ֆրանսայի պատիւն է` ի յիշատակ եղբայրական ժողովուրդի ողբերգութեան: Ի հարկէ, ես պիտի մասնակցիմ իբրեւ նախագահ` յարգանքի տուրք մատուցելով Ֆրանսայի հայ համայնքին: Ատիկա բոլոր հայերուն համար յատուկ օր է եւ պիտի դառնայ ազգային յիշատակի օր»:

 Անոր խօսքով` այդ կերպով Ֆրանսան յարգանքի տուրք կը մատուցանէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ցոյց տալով, որ կը շարունակէ աջակցիլ իր քաղաքացիներուն` աշխարհի ժողովուրդներու ժխտողականութեան դէմ. «Որպէսզի ճշմարտութիւնն ու պատմական իրականութիւնը ճանչցուի»:

 Հարցումին` ինչպէ՞ս կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ հնարաւոր անդամակցութեան, Էնյան ըսած է, որ ինք ֆրանսացի քիչ քաղաքական գործիչներէն է, որ 2003էն հետեւողականօրէն դէմ արտայայտուած է Թուրքիոյ անդամակցութեան Եւրոպական Միութեան: «Ես մշտապէս պայքարած եմ այդ անդամակցութեան դէմ, ինչ որ չի համապատասխաներ ԵՄ գաղափարին»,­ ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն:

 Ֆրանսայի նախագահի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 23ին: Եթէ թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չստանայ ձայներու կէսէն աւելին, ապա երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 7­ին: