2017 Սեպտեմբերի Հայաստան-սփիւռք Համաժողով(ներ)էն Ետք


Յ․ Պալեան


Յոգնակի: Բացի բացման եւ փակման պաշտօնական ելոյթներէն, տարբեր սրահներու մէջ խօսուեցան Հայաստանը եւ սփիւռքը հետաքրքրող բազմատեսակ հարցեր. տնտեսութիւն (բիզնես), բանակ, հայապահպանում:  Ինչպէս ոմանք կ’ընէին, մէկ սրահէ միւսը չերթեւեկեցի, երեք օր շարունակ մնացի «հայապահպանում» ընդհանուր բնութագրումին տակ հարցեր քննող սրահին մէջ:

Նախ պիտի ուզէի արտայայտուիլ «հայապահպանում» եզրին մասին: Ան իմաստ ունէր հայրենահանուած առաջին եւ երկրորդ սերունդին համար: Անոնք անմիջական (գրեթէ) վերադարձի սպասման սենեակին մէջ կը կարծէին ըլլալ եւ զանգուածային կերպով արձագանգեցին հայրենադարձութեան կոչին: Նոր երկիրներու նոր քաղաքացիներ չէին: Հայապահպանում եզրը այսօր իր նախկին իմաստը եւ բովանդակութիւնը չունի: Հայկական ծագումով մարդիկ տեղ մը պահ չեն դրուիր: Ինչո՞ւ դրուին եւ ի՞նչ ընելու համար:

«Հայապահպանում»ը կը յուշէ սառած, քնացած, անշարժ վիճակ, որ հակառակն է յաջորդական պատշաճեցումներով, ընտրանքներով եւ ազդեցութիւններով յարաշարժ դրութեան: Հարկ էր մեկնիլ հայածնունդ մարդոց լինելութեան ընթացքի մէջ եղող ինքնութեան ըմբռնումներէն: «Հայապահպանում»ը քլիշէ մըն է, զոր հարկ է փոխարինել գիտակցութեան, ինքնութեան եւ յանձնառութեան իմաստներով, որոնք կրնան այսօրուան եւ վաղուան պատկերացումը տալ: Այսինքն հրաժարելով statique ըմբռնումէ, երթալ դէպի շարժուն եւ ընթացող ընտրանքը:

«Հայապահպանում» ըմբռնումը կը թելադրէ հետզհետէ կծկուող շրջանակի մէջ մնալ եւ գոհանալ մանրուքներով, ցուցադրականով, բաժակին մէջ մնացած կաթիլներով: Statique կացութիւն էր, երբ կը խօսուէր մեր ունեցած մշակութային հարստութիւններու մասին: Արդիական միջոցներու օգտագործման ներկայացումը հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր, բայց նաեւ անհանգստութիւն, երբ նկատի կ’առնուէր ճիգերու թիրախը, որ կը սահմանուէր միաւորներով, երբ միւս կողմէ կը խօսուի եօթը կամ տասը միլիոնի մասին: Վիրաւորական պիտի ըլլար յիշել ինքնագոհութեան գեղեցիկ համարուող ելոյթները, զորս ոչ մէկ գլխու տակ կարելի է դասել:

«Հայապահպանում» գլխուն տակ նախատեսուած էր նաեւ ՄՇԱԿՈՅԹը:

Խօսուեցաւ մշակութային հարստութիւններու մասին: Խօսուեցաւ գեղարուեստի մասին, որ կրնայ դիւրին միջազգայնանալ, բացուիլ աշխարհի վրայ:

Բայց չխօսուեցաւ գրականութեան մասին, չխօսուեցաւ հայ գրականութեան եւ հայ գիրքի մասին, հակառակ այդ ուղղութեամբ կատարուած բազմապատիկ յիշեցումներու: Եւ ինքզինքիս հարց տուի, որ «հաց-պանիրի հայերէնէն» տարբեր խորք եւ որակ ունեցող հայերէն գիր-գրականութիւնը, որ «ելեկտրոնային» խտացում չէ, հայու ինքնութեան կերտման մէջ դեր չունի՞ այլեւս:

Հայ մշակոյթը ինքնութեան պահպանման, ազգի հարազատութեան շարունակութեան եւ արմատներու անսեթեւեթ հաւատարմութեան կրողն է: Առաջին հերթին ան հայերէնով ժառանգուածն է: Առանց այս էականին ի՞նչ կը պահէ հայապահպանումը, նոյնիսկ հող-հայրենիքը նկարագիր եւ տէր կը փոխէ: Մշակոյթի ծանուցումը եւ գովերգութիւնը շատախօսութիւն կ’ըլլան, երբ ան կը ներկայացուի որպէս թանգարանային իր, սնապարծութիւն, կենդանի չ’ըլլար, չ’իւրացուիր, սեփականացուած չ’ըլլար: Այլ խօսքով, հայ մշակոյթը, հայ գրականութիւնը, միջազգային հրապարակ բերուելէ առաջ, մեր կեանքին մաս պիտի կազմեն, անոնք սոսկ գիտութիւններ չեն, ինչպէս ազդէկներու կամ մայաներու մշակոյթը եւ գրականութիւնը:

Մշակոյթը եւ գրականութիւնը հոգեկերտ են, շաբաթավերջի հանդիպումներու համեմ չեն: Անոնք մեր ինքնատիպ ԵՍը եւ ՄԵՆՔը կ’իմաստաւորեն, առանց անոնց ժամանակ մըն ալ դեռ կը շնչեն զգացումով եւ կամ ծագումով հայեր: Այսինքն, ինչ որ կը կոչենք քաղաքականութիւն, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, առանց հարազատ մշակութային արմատ ունեցող խորքի, կ’ըլլայ տնտեսական իրարանցում կամ պարզապէս շատախօսութիւն:

Օտարը կրնայ ծանօթ ըլլալ հայ մշակոյթին, գրականութեան, արուեստներուն, պատմութեան, երբեմն մեծ մասնագիտութեամբ, բայց այդ ծանօթութիւնը գիտութիւն է իրեն համար, մինչ ժամանակի գիծին վրայ տոկալու եւ տեւելու համար հայը պիտի ըլլայ ինք իր մշակոյթը, պիտի ըլլայ անոր տէրը: Այդ տիրութիւնը կապկում չէ, ազգի կեանքն իսկ է: Այս ըմբռնումով ալ, մշակոյթի մասին պէտք չէ խօսիլ զայն դիտելով դուրսէն, տեսաբանի պէս, անկէ պէտք է ստանալ ուժ եւ կորով, առանց թեթեւսոլիկութիւններով հաճոյանալու, առանց ֆրանսացիին, շուէտացիին, ռուսին, ամերիկացիին նմանելով տպաւորելու մանրքաղքենիական յարդի բոցի հաճոյքին յանձնուելու:

Հայապահպանում ընդհանուր բնորոշման գլխուն տակ ոչ ոք խօսեցաւ հիմնուելով տարրական վիճակագրական տուեալներու վրայ, աւելի դիւրութեամբ հասկնալու եւ հասկցուելու համար: Օրինակ, ախտաճանաչման համար այնքան կարեւոր էր գիտնալ հայ գիրքի ներկայի հրամցուցած պատկերը, հայերու յարկին տակ: Ո՞ր մշակութային ինքնապաշտպանութեան եւ լաւ հնչող հայապահպանման մասին կրնանք խօսիլ, երբ հայերէն գիրքը կը տպագրուի 400 օրինակով եւ նուէր կը տրուի: Դեռ երէկ, եւ այս տպաւորելու համար տրուած փաստարկ չէ, հայ ներհուն մտաւորական մը, դար մը առաջ ապրած հայ արտակարգ բանաստեղծի մասին իր ուսումնասիրութիւնը տպագրած է 100 օրինակով… Բաղդատել շեփորուող մեր տասը միլիոնին: Ճաբոնցի ժամանակակից գրող Հարուքի Մարուքամայի  նոր գիրքի առաջին տպագրութիւնը եղած է կէս միլիոնով եւ արդէն կը տպագրուի բազմաթիւ լեզուներով: Ճաբոնցիները նուա՞զ կը զբաղին բիզնեսով, ինչպէ՞ս դուրս եկան Բ աշխարհամարտէն, հարուածուելէ ետք երկու հիւլէական ռումբերով:

Ազգային վերականգնումը եւ մշակութային կեանքը կը ծրագրուին, ծրագիրը կը գործադրուի: Այս աշխատանքը ոչ ոք մեր փոխարէն պիտի ընէ:

Երեք օրերու ընթացքին այս գոյութենական խնդիրները չքննուեցան: Լրագրական ներկայացումներ եղան, քարոզչական նկարահանումներ:

Որքա՜ն օգտակար գործ կատարած պիտի ըլային երեք օրուան նիստերը, բեմի վրայ իրարու յաջորդողները, եթէ յիշէին եւ յիշեցնէին Յակոբ Օշականի խօսքը, որ մագաղաթը աւելի կ’ապրի քան մարմարը: Ոչ ոք ըսաւ, որ այսօր դեռ կանգ, որովհետեւ Մատենադարանի 20.000 ձեռագիր հատորները կան: Հայերէն գիրով եւ գիրքով եկած յիշողութիւնը կայ: ԿԱ՞Յ…

Շռնդալից ժողովներուն այս հարցերը բեմ չեկան: Միթէ՞ անոնցմէ խորթացած ենք:

Այս գոյութենական էական  հարցով ինչո՞ւ պետական նեցուկով իսկական հաւատարմութեամբ մարմին մը կեանքի չկոչել, որպէսզի մշակոյթ եւ ինքնութիւն մանրուքի մէջ չկորսուին եւ գունաւոր պատկերներով շաուն (show) մեզ ոտքի չքնացնէ, սպասելով չես գիտեր ո՛ր հրաշքը:

Հայ գրականութիւն եւ հայ գիրք բացակայեցան: Չէին հրաւիրուած: Իրենք զիրենք գտան հոգիներու փակ դռներուն առջեւ: Մինչդեռ պէտք էր խօսիլ հայերէն գիրքի տարածման, արժեւորման եւ հայ ժողովուրդի անդամներուն կողմէ անոր իւրացման մասին, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէսզի Մատենադարանի քսան հազար ձեռագիր մատեաններուն իսկական ժառանգորդները մնանք եւ չօրօրուինք միայն զբօսաշրջիկի  հիացումով եւ լուսանկարելով:

Բայց սմարթֆոնները հոն էին եւ անհաշիւ յիշատակի պատկերներ պահուեցան…  հայապահպանման պէս: Հայապահպանման անվաղորդայնութիւնը…

Ափսո՜ս…