27-29 Փետրուար 1988, Սումկայիթի Փոկրոմը. Ազրպէյճանի Անպատիժ Մնացած Հակահայ Ցեղասպանական Ոճիրը


Նազարէթ Պէրպէրեան

«­Փետ­րո­ւա­րի 27. ժա­մը 5ին թուր­քե­րի ամ­բո­խը ներ­խու­ժեց հա­րե­ւան հինգ յար­կա­նի շէն­քը… Ես իմ աչ­քե­րով տե­սել եմ միայն ­Սա­շա­յի եւ նրա տիկ­նոջ՝ Ա­ւա­գեան ­Լո­լա­յի ու քրոջ սպա­նու­թիւ­նը: Աղ­մուկ-ա­ղա­ղակ էր, սու­լոց: 100-150 հո­գի էին: Մ­տան շքա­մուտք: ­Սա­շա­յին սպան­նե­ցին շքա­մուտ­քի մօտ, խփում էին փայ­տե­րով, ոտ­քով, եր­կա­թէ ձո­ղե­րով, դա­նա­կա­հա­րում: ­Սա­շա­յի քոյ­րը պատշգամ­բից գո­ռում էր, օգ­նու­թիւն կան­չում: Ամ­բո­խը, ­Սա­շա­յին մոր­թե­լուց յե­տոյ, բարձ­րա­ցաւ նրա տուն, ան­մարդ­կա­յին ոռ­նոց էր լսւում նրանց պատշ­գամ­բից, մի քա­նի ժամ յե­տոյ ­Սա­շա­յի քրո­ջը խոշ­տան­գո­ւած վի­ճա­կում շպրտե­ցին 5րդ ­յար­կից, իսկ տիկ­նո­ջը մեր­կաց­րած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տա­լիս շէն­քի բա­կում եւ բռնա­բա­րում. կի­նը չդի­մա­ցաւ… Ե­րեք հա­յե­րի յօ­շո­տո­ւած մար­մին­նե­րը մի քա­նի ժամ մնա­ցին շէն­քի բա­կում»… (ա­կա­նա­տես Սէյ­րա­նեան Էլ­մի­րա­յի վկա­յու­թիւ­նը)։

Ա­հա այս­պէ՛ս մո­լեգ­նե­ցաւ, ­Փետ­րո­ւար ամ­սու վեր­ջին օ­րե­րուն, 29 տա­րի ա­ռաջ, Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կա­նօ­րէն նա­խա­ձեռ­նած, խու­ժա­նա­վա­րի գոր­ծադ­րած եւ ցարդ ան­պա­տիժ մնա­ցած հա­յաս­պա­նա­կան ոճ­րա­յին յոր­ձան­քը։

Փետ­րո­ւար 1988ի վեր­ջին ե­րեք օ­րե­րուն, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն, մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ սահմռ­կած աչ­քե­րով հե­տե­ւե­ցան ազ­գա­յին «մաք­րազտ­ման» քստմնե­լի այն ոճ­րա­գոր­ծու­թեան, որ պատ­մու­թեան սեւ ու ան­մո­ռա­նա­լի է­ջե­րէն մէ­կը դար­ձաւ՝ «­Սում­կա­յի­թի փոկ­րո­մը» ա­նու­նով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար մինչ այդ գրե­թէ ան­ծա­նօթ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­ղաք մը՝ Սում­կա­յի­թը «ման­րան­կար» հո­մա­նի­շը դար­ձաւ… ­Տէր-­Զօ­րի։

Սում­կա­յիթ կը գտնո­ւի ­Կաս­պից ծո­վու ա­փին, ­Պա­քո­ւէն 30 քի­լո­մեթր դէ­պի հիւ­սիս։ Բ­նակ­չու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան 450 հա­զար հո­գի է, տա­րած­քը՝ շուրջ 83 քառ. քմ., եւ կը նկա­տո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի 3րդ ­խո­շոր քա­ղա­քը։

Սում­կա­յի­թը քսա­նե­րորդ դա­րու քա­ղաք է, թէեւ այդ տա­րած­քին վրայ բնա­կա­վայր­ներ կը յի­շա­տա­կո­ւին 16րդ ­դա­րու վեր­ջե­րէն սկսեալ։ ­Ներ­կայ քա­ղա­քը ա­րագ ծաղ­կում ապ­րե­ցաւ 1935էն ետք, երբ ա­տե­նի ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին այդ տա­րած­քին վրայ զար­գաց­նել ծանր ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը։ 1938-1941 թո­ւա­կան­նե­րուն կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ մեծ ջեր­մա-ե­լեկտ­րա­կա­յան մը, որ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեամբ պի­տի ա­պա­հո­վէր Պա­քո­ւի զար­գա­ցող նաւ­թա­յին ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը։ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տէն յե­տոյ կա­ռու­ցո­ւե­ցան նաեւ քի­միա­կան ու մե­տա­ղա­գոր­ծա­կան հա­մա­լիր­ներ։ Ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան զար­գա­ցու­մը բնակ­չու­թեան մեծ հոսք ա­պա­հո­վեց դէ­պի նոր զար­գա­ցող շրջա­նը եւ 1949ի Նո­յեմ­բեր 22ին ­Սում­կա­յի­թը պաշ­տօ­նա­պէս ստա­ցաւ քա­ղա­քի կար­գա­վի­ճակ։ ­Սում­կա­յի­թը 2006ին եւ 2007ին ա­ռա­ջին տե­ղե­րը զբա­ղե­ցու­ցած է Blacksmith Institute ա­նու­նով մի­ջազ­գա­յին բնա­պահ­պա­նա­կան խում­բին կող­մէ կազ­մո­ւած աշ­խար­հի ա­մէ­նէն կեղ­տոտ կեն­սո­լոր­տը ու­նե­ցող քա­ղաք­նե­րու ցան­կին վրայ։

Բայց ­Սում­կա­յիթ աշ­խար­հին յայտ­նի դար­ձաւ ո­րո­շա­պէս ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քի իր տխուր հռչա­կով՝ 1988ի ­Փետ­րո­ւար 27էն ետք, երբ ծայր ա­ռին պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու կազ­մա­կեր­պո­ւած ջար­դե­րը տեղ­ւոյն հայ բնակ­չու­թեան դէմ։ Ա­զե­րի զի­նեալ ամ­բո­խի տես­քով ու ձեռ­քով գոր­ծադ­րո­ւած այդ ջար­դե­րը, ի­րենց տե­սա­կին մէջ, ե­ղան ա­ռա­ջին «էթ­նիք մաք­րազտ­ման» վայ­րագ բռնու­թիւն­նե­րը ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պատ­մու­թեան մէջ եւ մեծ դեր ու­նե­ցան ինչ­պէս ընդ­հան­րա­պէս Խ.Ս.Հ.Մ.ի փլուզ­ման, նոյն­պէս եւ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի բռնկման ա­ռում­նե­րով։

Այ­սօր ար­դէն ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն փաս­տագ­րո­ւած են ա­հա­ւո­րու­թիւնն ու բար­բա­րո­սու­թիւ­նը Խ. Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեանց ի­րա­գոր­ծած թրքա­տիպ Ո­ճի­րին՝ Սում­կա­յի­թի հայ բնակ­չու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դին։
Մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ձե­ւա­ւո­րող եւ ա­ռաջ­նոր­դող շրջա­նակ­նե­րը այ­սօր ի­րե՛նք կը հաս­տա­տեն, թէ ­Սում­կա­յի­թի մէջ ա­զե­րի խու­ժա­նը հա­ւա­քագ­րո­ւած, զի­նո­ւած եւ ղե­կա­վա­րո­ւած էր ատրպէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ ­Նոյն­պէս կը հաս­տա­տեն, որ պե­տա­կան հրա­հան­գով սկսաւ, 1988ի փետ­րո­ւա­րեան այս օ­րե­րուն, զի­նեալ կազ­մա­կերպ յար­ձա­կու­մը քա­ղա­քի հայ խա­ղաղ, ան­զէն ու ան­պաշտ­պան բնակ­չու­թեան դէմ։

Միւս կող­մէ՝ ինչ­պէս օ­րին, այն­պէս ալ այս օ­րե­րուն մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի է­ջե­րուն տա­կա­ւին լոյս կը տես­նեն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­րո­զար­շա­ւին ծա­ռա­յե­լով՝ կը փոր­ձեն տա­րա­ծել այն թիւ­րի­մա­ցու­թիւնն ու չա­րա­փո­խու­մը, թէ այդ ժա­մա­նակ Խորհր­դա­յին կո­չո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­ւա­լած Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ինք ե­ղած է ե­ղեր պատ­ճա­ռը… ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թեանց սրու­մին՝ հա­յե­րու եւ ա­զե­րի­նե­րու մի­ջեւ։
Բայց նոյ­նիսկ նման ան­հիմն վե­րագ­րում­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը չեն կրնար ու­րա­նալ փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ կը խոս­տո­վա­նին, որ ­Հա­յաս­տա­նէն փա­խուստ տո­ւած եւ Ատր­պէյ­ճա­նի տար­բեր շրջան­ներն ու, ա­նոնց կար­գին, ­Սում­կա­յիթ թա­փած ա­զե­րի գաղ­թա­կան­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս գոր­ծա­ծո­ւե­ցան ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, որ­պէս­զի ամ­բո­խա­յին գրգռու­թեանց քո­ղով ծած­կո­ւի հայ բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կե­լու եւ այդ սպառ­նա­լի­քով Սում­կա­յի­թի եւ ամ­բողջ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յե­րը երկ­րէն վտա­րե­լու ատր­պէյ­ճա­նեան մեծ ո­ճի­րը։

Այ­սօր մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րը ի­րե՛նք ա­նուն-ազ­գա­նու­նով կը յի­շա­տա­կեն ­Սում­կա­յի­թի իշ­խա­նա­ւոր այն դէմ­քե­րը, ո­րոնք նախ հրահ­րե­ցին եւ, ա­պա, գա­զա­զած ամ­բո­խին գլու­խը ան­ցած՝ նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած ցու­ցակ­նե­րու հի­ման վրայ, հա­յե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն եւ խա­նութ­նե­րուն վրայ յար­ձա­կում եւ ե­ռօ­րեայ ա­րեան բաղ­նիք կազ­մա­կեր­պե­ցին… Ո­րո­շա­պէս կը տրո­ւի ­Ճա­հան­կիր ­Մուս­լում­զա­տէ կո­չո­ւած ­Սում­կա­յի­թի ­Կոմ­կու­սի ա­ռա­ջին քար­տու­ղա­րին ա­նու­նը, որ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն ե­ղաւ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած հա­յե­րու սում­կա­յի­թեան փոկ­րո­մին, ո­րուն շու­տով պի­տի հե­տե­ւէին ­Պա­քո­ւի եւ այլ վայ­րե­րու ա­ւե­լի լայ­նա­ծա­ւալ ո­ճիր­նե­րը։

Սում­կա­յի­թի հա­յոց սպան­դին մէջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան իր բա­ժի­նը ան­կաս­կած ու­նե­ցաւ նաեւ խորհր­դա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Կ­րեմ­լի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շատ ուշ մի­ջամ­տեց՝ ատր­պէյ­ճա­նեան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը սան­ձե­լու հա­մար։ Իսկ երբ մի­ջամ­տեց, քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեան կոր­պա­չո­վեան խա­ղե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժե­ցաւ՝ իբր թէ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րե­լով դա­տա­պար­տեց «եր­կու կող­մերն» ալ… խոր­քին մէջ խու­սա­փե­լով հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած ող­բեր­գու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի դա­տա­պար­տե­լէ, ա­ռանց հա­տու եւ զսպիչ հա­րո­ւած տա­լու ցե­ղաս­պան յան­ցա­գործ­նե­րուն։

Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը օ­րին մին­չեւ իսկ նսե­մաց­նել փոր­ձեց ­Սում­կա­յի­թի սպան­դին տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի միայն 30 մե­ռեալ ցոյց տայ հայ զո­հե­րու թի­ւը, մինչ­դեռ ա­կա­նա­տես­նե­րու եւ վե­րապ­րող­նե­րու ան­հեր­քե­լի վկա­յու­թիւն­նե­րով ու տո­ւեալ­նե­րով՝ ա­ւե­լի քան 200 ան­զէն ու խա­ղաղ բնա­կիչ հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­ցին ա­զե­րի ջար­դա­րար­նե­րը։

29 տա­րի­ներ ան­ցած են ­Սում­կա­յի­թի այդ սահմռկե­ցու­ցիչ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան փետ­րո­ւա­րեան սեւ օ­րե­րէն։ ­Հա­յե­ւատր­պէյ­ճա­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­րեան եւ մա­հո­ւան ամ­բողջ ճամ­բայ մը կտրած են ­Սում­կա­յի­թէն աս­դին։ ­Բուն կռո­ւախն­ձո­րը՝ Ար­ցա­խը ի­րո­ղա­պէս ա­զա­տագ­րո­ւած եւ իր ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տած է։ ­Բայց ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րի գնով հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կո­խե­լու քա­ղա­քա­կան մո­լուց­քը տա­կա­ւին կ­’ե­ռայ ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց մէջ, ինչ ա­նուն ալ կրեն ա­նոնք։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն կը սգայ եւ կ’ո­գե­կո­չէ ­Սում­կա­յի­թի իր նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րոնք անլ­ռե­լի վկա­ներն են հա­յաջն­ջու­մի թրքա­տիպ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան շա­րու­նա­կո­ւող վտան­գին։

Ինչ­պէս որ 1915ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը, ան­պա­տիժ մնա­լով եւ քա­ղա­քա­կան հա­մար­ժէք վե­րա­բե­րու­մի չեն­թար­կո­ւե­լով, պատ­ճառ դար­ձաւ ցե­ղաս­պա­նա­կան այլ ո­ճիր­ներու գոր­ծադ­րու­թեան, այն­պէս ալ ­Սում­կա­յի­թի «փոկ­րոմ»ին ան­պա­տիժ մնա­լը սան­ձար­ձակ մո­լեգ­նու­թեան մէջ կը պա­հէ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ թշնա­մանքն ու ցե­ղաս­պա­նա­կան ըն­թաց­քը։

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­պա­տիժ մնա­լով, ոչ միայն շա­րու­նա­կե­ցին հա­կա­հայ պար­բե­րա­կան ջար­դե­րը, այ­լեւ՝ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ու­րաց­ման պե­տա­կան ի­րենց քա­րոզ­չու­թիւ­նը հաս­ցու­ցին իր գա­գաթ­նա­կէ­տին, նոյ­նինքն զո­հը՝ հա­յու­թիւ­նը իբ­րեւ ցե­ղաս­պան ներ­կա­յաց­նե­լու սուտ ու կեղծ «պատ­մագ­րու­թեամբ»։

Թուր­քիոյ ու­նե­ցած մի­ջազ­գա­յին ազ­դե­ցու­թեան լծակ­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նաւ­թա­յին հարս­տու­թիւ­նը ըստ չարս գոր­ծա­ծե­լով՝ ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նը ա­նար­գել կը շա­րու­նա­կէ իր սու­տին ու կեղ­ծի­քին սպա­սար­կե­լու պատ­րաստ ծա­խու խիղ­ճեր գտնել աշ­խար­հի տա­րած­քին, որ­պէս­զի լռու­թեան պատ հիւ­սէ ­Սում­կայ­իթի ող­բեր­գու­թեան շուրջ։
Փետ­րո­ւա­րի վեր­ջին օ­րերն են դար­ձեալ եւ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ կրկին կը բարձ­րաց­նէ ճշմար­տու­թեան ձայ­նը եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ ան­խոնջ պայ­քա­րիլ յա­նուն ճշմար­տու­թեան յաղ­թա­նա­կին՝ մին­չեւ որ ցե­ղաս­պա­նը խո­նար­հի եւ ճանչ­նայ ու ըն­դու­նի Ար­ցա­խի ա­զատ եւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեամբ ապ­րե­լու ­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւունքն ու Ար­դա­րու­թիւ­նը։