Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լաբոյեաններ Կը Կատարեն Իշխանական Նուիրատուութիւն Մը
Խաժակ
Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի 38րդ տարեշրջանը սկսաւ քիչ մը տարբեր մթնոլորտով: Արդարեւ՝ Սեպտեմբեր 6ի առաւօտեան, Թորոնթոյի ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի կոկոն դասարանէն մինչեւ 12րդ կարգի 550էն աւելի աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի՝ միասնաբար նշելու 38րդ Վերամուտը:
Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գեղարդ ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէկեան, ծխատէր քահանայ Տէր Կոմիտաս Փանոսեան, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Եղիա ծայրագոյն վարդապետ Գիրէջեան, Թեմիս հոգեւոր հայրեր, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Նորայր Պէրպէրեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Ճանպազեան, Վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան, Կրթական Մարմինի ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեան, նախկին կրթական մարմիններու անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, Հայ Երէցներու Ընկերակցութեան եւ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ ու ծնողներ: Ներկայ էր նաեւ «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի կազմը, որ նկարահանեց արարողութիւնը եւ պիտի սփռէ Սեպտեմբեր 10ի հաղորդումով, զոր կարելի է նաեւ դիտել YouTubeի էջով (Ho։izonTV To։onto):
Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու միաձայն երգեցողութեամբ բացուեցաւ արարողութիւնը:
Վարժարանի Կրթական Մարմինի խօսքը փոխանցեց Սեւակ Քիւփէլեան, որ ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը եւ 2016-2017 ուսումնական 38րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր, որպէսզի վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան խնդրեց աշակերտներէն եւ ուսուցիչներէն ըլլալ իրարու հանդէպ պահանջկոտ եւ ծնողներէն՝ ըլլալ պահանջկոտ իրենց զաւակներէն, որպէսզի անոնք հասնին ուսումնական բարձր մակարդակի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ ազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն բերած են վարժարանին:
Ապա խօսք առաւ տնօրէն Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան, որ վերահաստատեց վարժարանի վճռակամութիւնը՝ իրակացնել Օնթարիոյի կառավարութեան ուսումնական ծրագիրը եւ մեր սրբազան պարտականութիւնը՝ հայեցի դատիարակութեան ջամբումը: Մարտիրոսեան վեր առաւ ծնողներուն դերը, դրուատեց մանաւանդ հայ ուսուցիչը եւ անոնց մաղթեց համբերութիւն, ուժ ու կորով: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, Մարտիրոսեան ըսաւ. «Այս օրուընէ սկսեալ, ձեզմէ կը սպասեմ խոստում՝ ճիգի եւ աշխատանքի խոստում, որ կարելի ըլլայ ձեր վերելքը դէպի կեանքի յաջողութիւններ»: Աւարտին Մարտիրոսեան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան ինչպէս նաեւ վարժարանի բարերարներուն եւ համայն թորոնթոհայութեան, որոնք կը հաւատան դպրոցի առաքելութեան եւ անսակարկ նեցուկ կը կանգնին վարժարանին:
ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան Կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց Կոմիտէի հերթապահ՝ Յակոբ Ճանպազեան, որուն խօսքը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ առանձնաբար: Ապա, ներկայացուց վարժարանի նորագոյն եւ պատուական բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լաբոյեանները, որոնք իրենց ազգանուէր գիտակցութեամբ կը նուիրեն մէկ միլիոն տոլար եւ այսպիսով ՀՕՄի երկրորդական վարժարանը կը պսակուի «ՀՕՄի Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարան» անունով:
Արարողութեան վերջին խօսքը Սրբազան Հօրն էր: Ան խօսքեր ուղղեց թէ՛ աշակերտներուն, թէ՛ դաստիարակներուն եւ թէ՛ ծնողներուն: Ան վեր առաւ ուսումի կարեւորութիւնը եւ պահանջեց հպարտ ըլլալ հայութեամբ, սիրել վարժարանն ու լեզուն: Խօսքը ուղղելով նախկին եւ ներկայի բարերարներուն, զանոնք օրհնեց եւ մաղթեց արեւշատութիւն եւ բարեբեր օրեր£
Սրբազան Հօր Պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարանի 38րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դասարաններ՝ իրենց ուսումնական նոր տարեշրջանը սկսելու համար: