Մեղրիկ Եպս․ Բարիքեանի կողմէ պատրաստուած՝ Ս․ Զատկուան առթիւ երաժշտական բեմականացման մասնակիցները՝ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։
Ժիւլիէթ Սարգիսեան
Մեղրիկ Սրբազանին անժամանակ մահը խոր ցաւով ցնցեց բոլորս։
«Թագաժահր»ը, դարուս ամենատարածուն համաճարակը, անողոքօրէն հարուածեց նաեւ այս մեծ հոգեւորականը եւ մենք մնացինք անհաշտ ու անմխիթար իր կորուստին։
Բարձրահասակ, ներկայանալի, երկար մօրուքով, ազնուական կեցուածքով, խոնարհ եւ աշխատասէր հոգեւորականը չկար այլեւս։
Աշխոյժ եւ գործօն արդիւնաւէտ կեանքը, այսօր լռած եւ դարձած է յիշատակ։
Ան օժտուած էր իւրայատուկ տաղանդներով, զորս ի գործ դրաւ անսակարկ եւ ամբողջական նուիրումով։ Թէեւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եղած էր գաղութային կազմակերպական կեանքի եւ հովուութեան իր առաջին փորձառութիւնը, սակայն կրցած էր իր աշխատունակ բնաւորութեամբ այնքան մը համոզիչ ըլլալ իր շրջապատին, որ եկեղեցին վերածուած էր մեղուի փեթակի մը, ու իր շուրջ հաւաքած գաղութիս երիտասարդութեան նշմարելի խումբ մը՝ ծառայելու վճռականութեամբ։
Ծառայութեան իր պատրաստակամութիւնը վարակիչ էր։ Ծառայեց երէցին, դպրոցին, նաեւ բոլոր անոնց եւ գաղութներուն, որոնց մօտ իր ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը տեսաւ՝ ժուժկալութեամբ եւ մնայուն։
Իր օրով Ս. Աստուածածին եկեղեցին պայծառացաւ եւ օրինակելի դարձաւ։
Մեղրիկ Սրբազան նախանձախնդիր էր։ Ամէն բանէ առաջ հաւատքի մարդ էր, ընտիր եկեղեցական, ծնած էր եկեղեցական ըլլալու, կոչուած էր Աստուծոյ խօսքը քարոզելու։ Քաջ տեղեակ էր Աստուածաշունչին պատգամներուն, եկեղեցական ծէսերուն, կանոններուն եւ սրբազան աւանդութիւններուն։ Այս բոլորը գործով վկայեց, բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ համբերութեամբ։
Գաղութային եւ եկեղեցական կեանք կազմակերպելու իր տաղանդին չափ էր նաեւ տանղանդաւոր երաժշտագէտ։ Սրբազանը երաժիշտ էր։ Երաժշտական իր գործերը ամփոփած էր 14 եւ աւելի հատորներու մէջ։
Գաղութիս հրամցուց անմոռանելի նուագահանդէսներ եւ թատրոններ։
Նախաձեռնեց երիտասարդներու եւ մեծահասակներու Ս. Գրոց սերտողութիւններ, կազմակերպեց երգչախումբեր տարբեր տարիքներու եւ առաջնորդեց «Bible camp»-եր։
Մեղրիկ Սրբազան ունէր գրելու անվիճելի տաղանդ։ Գրեց հոգեւոր յօդուածներ, ճառեր։ Հրատարակեց գրքեր, «Շողակաթ»ը, իր լայնածաւալ էջերով։ Անյողդողդ հաւատքով եւ կարողութեամբ յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները։
Տեսիլք ունեցող հոգեւոր հայր եղաւ, նորոգեց, զարդարեց, ձեռնարկեց, ձեռնադրեց, գնահատեց, շեշտը դնելով միշտ հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն վրայ։ Բարձագոյն մակարդակի վրայ կատարեց եկեղեցական եւ ազգային տաղաւարներու տօները։ Իր անզուգական քարոզներով պատգամեց, սորվեցուց եւ հոգեւոր սնունդ մատակարարեց։
Իր քաղցր բնաւորութեամբ, ժպիտով ու խրատներով կրցաւ եկեղեցին երիտասարդացնել. եղաւ երիտասարդին խորհրդատուն եւ դաստիարակը։
Հոգեւոր բարիքներ բաժնեց բոլորին։ Աւետարանի օրինակով՝ ՍԷՐ բաժնեց բոլորին՝ անխտիր։ Օգնութեան ձեռք երկարեց, շէնցուց եւ արդիւնաւորեց։
Մեղրիկ Սրբազան բարեմտօրէն վարուեցաւ իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին հետ։ Եղաւ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար եւ կրցաւ արժեւորել իր վրայ դրուած ծանր պատասխանատուութիւնը։
Հանդարտաբարոյ, աստուածապաշտ, մարդասէր, հիւրասէր, հաւատքի տէր այս երիտասարդ հոգեւորականը քաջալերեց կրթական մշակները, արուեստագէտները։
Սիրեց բոլորը եւ սիրուեցաւ բոլորէն։
Արժանացաւ հայ համայնքին խոր յարգանքին։
Դժուար է կեդրոնանալ յատուկ երեւոյթի մը վրայ եւ «այս Մեղրիկ Սրբազանին աւանդն է» ըսել։ Բազմաթիւ են անոնք։ Ամփոփելով կարելի է երեք գլուխներու բաժնել.
ա-Երիտասարդացուց եկեղեցին․ ներգրաւեց Թորոնթոյի կրտսեր սերունդը, խանդավառեց տղաքն ու աղջիկները եւ եկեղեցին իրենց ամէնօրեայ կեանքին մաս դարձուց։
բ-Թորոնթօ կեցութեան տարիներուն անընդհատ բարեզարդեց արդէն իսկ ճարտարապետականօրէն գեղեցիկ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։
գ-Անխոնջ աղօթեց։ Բծախնդրօրէն եւ յարգանքով հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնները ամէն օր գործադրելով պահպանեց։
Քրիստոնէական հաւատքը իր էութեան ողնասիւնը կազմեց։
Բազմաշնորհ այս Հոգեւորականին յիշատակը Թորոնթոհայութեան, ԻՐ ԱՆՍԱԿԱՐԿ եւ ԱՆՆԿՈՒՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ պիտի ըլլայ։
Յիշատակդ անթառամ, Սրբազա՛ն Հայր։