Շեր Մեծն Բրիտանիոյ Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը


«Նիուզ»․- Աշխարհահռչակ երգչուհի Շեր Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Երգչուհին նշած է, որ Միացեալ Նահագներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնները չեն ճանչնար ցեղասպանութիւնը, քանի որ Հայաստան ոչինչ ունի անոնց տալու:

«Մենք փոքր ենք: Հայաստանը դէպի ծով ելք չունի: Մենք քարիւղ չունինք: Մենք անոնց տալու ոչինչ ունինք: Որքա՞ն ժամանակ պէտք է` Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար», «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ Press Associationի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Շեր:

Պատասխանելով հարցումին, յոյս ունի՞, որ Տանըլտ Թրամփ կը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, Շեր ըսած է՝ «Ո՛չ»: