Ինչպէ՞ս Հայրենասիրութիւնը Դնել Հայրենադարձութեան Մայրուղիի Վրայ


Յ․ Պալեան


Հայրենասիրութիւնը սիրել է սեփական երկիրը:
Ազգայնականութիւնը ատել է ուրիշի երկիրը:
ՇԱՐԼ ՏԸ ԿՈԼ

Եթէ փորձէինք մտածել իրա՛ւ հայրենասիրութեան մասին, անկեղծութեան եւ ճշմարտութեան պահու մը, մենք մեզի ուղղէինք քանի մը հարցումներ, մենք մեզ հասկնալու համար, մենք` անհատ, պատմական եւ մշակութային ազդակներու գումարով կազմուած ինքնութիւն, որ ներկան է:

Մերօրեայ ամբոխավարական ճառին մաս կը կազմէ հզօրութիւնը, որուն համար կ’ըսենք, թէ ան հիմնուած է Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութեան վրայ: Հանրաժողովներու եւ համաժողովներու ընթացքին հոգեպարար ելոյթները չեն մոռնար այս յիշեցումը ընելու եւ յուզելու:

Արտայայտութիւններու եւ վերաբերումներու հասարակ յայտարարը հայրենասիրութիւնն է, որ ընդունելի դարձած է, չի քննադատուիր, քանի որ անոր սահմանումը անորոշ է, անհատէ անհատ, շրջանակէ շրջանակ, տարբեր բովանդակութիւն եւ նշանակութիւն ունի: Այսինքն այդ բառով նոյն բաները չենք հասկնար:

Հաւանօրէն աւելի դիւրին է հարցնել, թէ ի՞նչ բան չէ հայրենասիրութիւնը` այսօրուան հայ ազգային կացութեան պարագային, եւ ապա միայն փորձել տալ անոր իսկական իմաստը:

Ա.- Սովետասիրութիւնը հայրենասիրութիւն չէր, պարտադրուած կացութիւն մըն էր: Անբնականի դէմ պատմութիւնը վճռեց:

Բ.- Սփիւռքի յաերժացման հաւատալ հայրենասիրութիւն չէ, անբնական կացութեան մը ենթակայութիւն է, որ կը յատկանշուի զարգացող եւ յաջորդական հրաժարումներով: Արդարեւ, երբ կը հաւատանք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք սփիւռքը յաւերժական է, կամաւոր կուրութեամբ մերժելով տեսնել այն իրականութիւնը, որ ան միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, անգիտանալով ժողովուրդներու պատմութիւնը` մասնակից-մեղսակից կ’ըլլանք ազգի անդամահատման, ինքնապաշտպանութեան ազդակ համրանքի փճացման:

Գ.- Բարեսիրութիւնը հայրենակիցի եւ այն երկրին նկատմամբ, զոր հայրենիք կը դաւանինք, հայրենասիրութիւն չէ, մարդասիրութիւն է, բոլորովին օտարներ ալ բարեսիրութիւն կ’ընեն հայուն եւ անոր հայրենիքին: Փաստերը խօսուն են: Այսինքն, նիւթական զոհողութիւնը օգտակար ըլլալով հանդերձ, մարդասիրական վերաբերում է: Մարդասիրութիւնը զգայուն հոգիներու եւ անհանգիստ խիղճի բաւարարութիւն կու տայ, երբ ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան ընթացքին չ’առնչուիր: Բացական միաժամանակ ներկայ չ’ըլլար:

Դ.- Հայրենասիրութիւնը զգացումներ հովահարող զբօսաշրջութիւն չէ, օտարներ ալ կ’այցելեն Հայաստան, կը սիրեն երկիրը, բնութիւնը եւ պատմութեան թողած հետքերը: Մեծ թիւով օտարներ կ’այցելեն Հայաստան, բայց հայրենասիրական զգացում չունին Հայաստանի նկատմամբ: Զբօսաշրջութիւնը դարավերջիկ հետաքրքրութիւն է: Սեւանը եւ Կրանտ քանեընը հիացում կ’առթեն, աչքի խտիղ կու տան: Կը լուսանկարենք եւ կը վերադառնանք:

Ե.- Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ուսումնասիրել կամ գիտնալ` հայրենասիրութիւն չէ, գիտութիւն է: Բազմաթիւ օտարներ ալ ուսումնասիրած են հայոց պատմութիւնը, բայց անոնք, օգտակար ըլլալով հանդերձ, Հայաստանի հայրենասէրներ չեն:

Զ.- Գաղափարախօսական եւ տնտեսագիտական տեսութիւններ ներկայացնել Հայաստանի զարգացման, իրաւունքներու վերականգնման եւ հայապահպանման համար, հայրենասիրութիւն չէ: Բազմաթիւ երկիրներ օտար մասնագէտներ կը հրաւիրեն իրենց տնտեսական զարգացումը ծրագրելու եւ հունաւորելու համար, կամ` գրելու իրենց սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները: Անոնք կը կատարեն մասնագիտական աշխատանք, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի հայրենասիրութիւն հետ: Տեսութիւնները անհատական, սեփական, տնտեսական եւ իմացական կարողութիւններու բացակայութեան պարագային, կ’երթան-կու գան գեղեցիկ եւ տպաւորիչ ճամպրուկներու մէջ:

Է.- Հայ գրականութիւնը, մշակոյթը եւ պատմութիւնը որպէս գիտական առարկայ օտարին ներկայացնել, յաճախ անուններու շարքով եւ քանի մը թարգմանութիւններով, օգտակար ըլլալով հանդերձ, հայրենասիրութիւն չէ, ինչպէս որ հայրենասիրութեան փաստ չէ հայուն օտարալեզու գրականութիւնը, նոյնիսկ երբ ան խօսի Սեւանի կամ Արարատի մասին, ան կը հովահարէ հայուն օտարամոլական սնապարծութիւնը, աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթին եւ գիտութեան կը ծառայէ` պանծացնելով հայուն անունը,  բայց հայրենասիրութիւն չէ:

Ը.- Հայերէնէ զատ օտար լեզուներով երգ ու թատրոն մշակել եւ ներկայացնել, նոյնիսկ երբ նիւթը հայկական է, հայրենասիրութիւն չէ: Օտարներ բազմաթիւ օփերաներ յօրինած են «Տիգրան» անունով, բայց այդ յօրինումները ոչ մէկ կապ ունին հայրենասիրութեան հետ:

Թ.- Հայրենասիրութիւն չէ աշխարհին որպէս ինքնատպութիւն ներկայացնել հայկական լաւաշը եւ խոհանոցը, այս` հեռու կամ մօտ քաղաքի մը մէջ: Մեր ժողովուրդի համրանքը այդ ձեւով կը պահուի՞, բռնագրաւուած հայրենիքի բեկորները կը վերադարձուի՞ն: Հայրենասիրութեան հականիշ են թեթեւսոլիկութիւնը եւ նպարավաճառային ճարպիկութիւնը:

Ժ.- Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կառուցուած մեր սեփական տպաւորիչ շէնքերը եւ համայնքապատկան հսկայ կառոյցները մեր անհատական կամ հաւաքական եսերը կ’ուռեցնեն, բայց հայրենասիրութիւն չեն, երբ մտածենք, թէ որո՛ւն կամ որո՞նց ժառանգութիւն պիտի ըլլան, ինչպէս հայ միլեառատէրի երկնաքերը կամ «Կիւլպէնկեան» թանգարանը, եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Ի՞նչ կը մնայ այս տասը «չէ»-երէն ետք, հաւանօրէն ուրիշ «չէ»-եր ալ կան:

Արդարեւ, երբ կը հաւատանք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք սփիւռքը յաւերժական է, կամաւոր կուրութեամբ մերժելով տեսնել այն իրականութիւնը, որ ան միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, անգիտանալով ժողովուրդներու պատմութիւնը, մասնակից-մեղսակից կ’ըլլանք ազգի անդամահատման, ինքնապաշտպանութեան ազդակ համրանքի փճացման:

Իսկական հայրենասիրութիւնը կ’իրականանայ եւ կ’ապրուի սեփական հողի վրայ եւ սեփական ինքնութիւն կերտած-կերտող մշակոյթին մէջ:

Պարզ. փաչուըրք չեղող, ընտանեկան, տեղական, տեղայնական, յուշերով, տիտղոսներու սնապարծութիւններով եւ քսակի հաստութեամբ չբաւարարուող իսկական հայրենասիրութիւնը սեփական մշակոյթի տիրութիւնն է, սեփական հայրենիքի տիրութիւնը:

Առանց լեզուագարութեան, ճշմարիտի լոյսով եւ առանց ճապկումներու պէտք է ըսել, որ մշակոյթի անխարդախ տիրութիւն եւ առանց բարձրախօսներու աղմկարարութեան հայրենատիրութիւն` ազգապահպան հայրենասիրութեան սիւներն են:

Այսինքն` հայրենադարձութիւն, որպէսզի պահուին մշակոյթ, ինքնութիւն եւ երկիր:

Համաժողովներու եւ ղեկավարութիւններու անշրջանցելի առաջնահերթ օրակարգ:

Միշտ յիշելով մեծ հայրենասէր եւ իր երկրին անխարդախ ծառայած, ճակատագրական պահու պարկեշտ ղեկավար Շարլ տը Կոլի խօսքը. «Հայրենասիրութիւնը սիրել է սեփական երկիրը: Ազգայնականութիւնը ատել է ուրիշի երկիրը»: