Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Կը Ներկայացուի Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Բանաձեւ


Նիւ Ճըրզիէն ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի գլխաւորութեամբ խումբ մը ծերակուտականներ, Ապրիլ 24ին, Ծերակոյտին պաշտօնապէս ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող բանաձեւ մը, ուր կը շեշտուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է նկատի առնէ մարդկային իրաւանց, մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ցեղասպանութեանց եւ ցեղային «մաքրագործումներ»ու հետ կապուած զգայնութիւնները։

Բանաձեւը կը համահովանաւորեն ծերակուտականներ Թետ Քրուզ, Էտ Մարքի եւ Թամ Եուտալ։

Ծերակուտական Մենենտեզ յայտարարած է,  որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու կեցուածքը դուռ կը բանայ յաւելեալ բարբարոսութիւններու դիմաց՝ կոչ ընելով իր պաշտօնակիցներուն, որ «վերջ տան այս ամօթալի՛ անտեսումին»։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծերակուտական Մենենտեզին եւ բանաձեւը համահովանաւորողներուն, որոնք իրենց այս արարքով գործնականապէս դէմ կը դնեն ուրացման որոշումը Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց պարտադրելու գծով Անգարայի ջանքերուն։