Աղուան Վարդանեան Հեռացուեցաւ ՀՅԴ Շարքերէն


ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը յայտնէ, որ քննելով ընկեր Աղուան Վարդանեանի կարգապահական հարցը, որոշած է զայն հեռացնել ՀՅԴ շարքերէն:

Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Մայիս 1-ին խորհրդարանին մէջ վարչապետի ընտրութեան համար հրաւիրուած յատուկ նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան քուէարկութեան: Վարդանեանն ընդգծեց, որ ինք կը ներկայացնէ կուսակցութիւն եւ խմբակցութիւն, որ կողմ քուէարկելու որոշում ունի, ուստի պատրաստ է վար դնել իր պատգամաւորական լիազօրութիւնը, եթէ կուսակցութիւնը այդպէս պահանջէ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը նոյն օրը յայտարարութիւն տարածեց այն մասին, որ Աղուան Վարդանեանի յայտնած տեսակէտը անձնական որոշում է եւ չի համապատասխաներ ՀՅԴ պաշտօնական դիրքորոշումին: «Կատարուած է կարգապահական կոպիտ խախտում, որ պիտի դառնայ քննութեան նիւթ: Հետեւաբար, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄն կը պահանջէ Աղուան Վարդանեանէն վաղաժամ վար դնել պատգամաւորական լիազօրութիւնը», ըսուած էր ՀՅԴ ԳՄ յայտարարութեան մէջ:

Աղուան Վարդանեան Մայիս 3ին պատգամաւորական լիազօրութենէն հրաժարուելու  դիմում ներկայացուց Ազգային ժողով: