Այսօրուան Հրամայականը` Հայ Մարդու Կերտում


Յակոբ Բագրատունի


Դէպի բռնատիրութիւն յառաջացող Էրտողանի Թուրքիոյ հայրերուն կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի կեանքին, ակնկալութեանց, ապրելակերպին, ձգտումներուն, տեղաբաշխումին եւ մտածելակերպին յարատեւ հոլովոյթին ու յարափոփոխ ընթացքին ի տես` անհրաժեշտ է կատարել յստակ նշումներ: Նոյն նշումները անհրաժեշտ է կատերել նաեւ ի տես անցնող  մէկ դարու ընթացքին Հայ դատի հետապնդման ընդհանուր փաթեթին փորձառութենէն մեկնելով եւ ճշգրիտ իրատեսութեամբ արձանագրել իրականութիւնները, բացաթողումները, հայաստանամերձ շրջաններու իրավիճակը եւ միջազգային մակարդակի փոփոխութիւններն ու իբրեւ այդպիսին` նաեւ ճշդել այսօրուան հրամայականը:

Եթէ Եղեռնի յիսնամեակը 1965 թուականին եղաւ անկիւնադարձ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ի խնդիր, ապա 2015ի հարիւրամեակը ինչպիսի՞ հորիզոններ կը բանայ համայն հայ ժողովուրդին ու Հայ դատի պայքարին առջեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը բնականաբար Հայ դատի հետապնդման գաղափարական ուղղութեան թիրախներէն մէկն է: Անկախ Հայաստանը, առանց Միացեալ Հայաստանի, պակասաւոր է սակայն:

Արցախի անակախացումը, թէկուզ եւ` ցարդ միջազգային ճանաչում չգտած, նոյն գաղափարական ուղղութեան մէկ այլ թիրախն է, որ կը սպասէ յաւելեալ մարտունակութեան ու համահայկական նեցուկի:

Հայապատկան Նախիջեւանն ու Ջաւախքը կը մնան հեռահաս թիրախներ տակաւին:

Արեւմտեան Հայաստանը իր բռնագրաւուած հողերով ու բռնագաղթուած հայութեամբ Հայ դատի հետապնդման հիմնական կիզակէտը ըլլալով հանդերձ, չէ անցած հռչակագիրներու, յայտարարութեանց կամ կեցուածքներու սահմանը ու կը մնայ կոտտացող վէրք, նոյնիսկ երբ այդ շրջաններուն մէջ թրքացուած ու իսլամացուած հայերու դէպի հայութիւն վերադառնալու նշաններ կը տեսնուին:

Յիսուն տարիներէ ի վեր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար թափուած հեւքոտ ճիգը մեզ հասցուց շուրջ 30 պետութեանց եւ տասնեակներով քաղաքներու կամ նահանգներու, հարիւրաւոր միջազգային մակարդակի քաղաքական մարդոց դրական կեցուածքին` տեղ մը անոնց տալով «մարդկային» իրենց պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը, իսկ մեզի` ժամանակաւոր ցնծութիւն ու յաճախ յուսախաբութիւն:

Առանց յոռետեսութեան կամ չափազանցութեան` 2017 թուականի Ապրիլի 24ին կարելի է արձանագրել անմիջապէս, որ ո՛չ շրջանային եւ ո՛չ ալ միջազգային պայմանները ներկայ հանգրուանին ձեռնտու են կամ նախանշաններ կու տան մեր Դատի արդար լուծման` հակառակ այդ Դատի արդարացիութեան համընդհանուր ընդունելութեան,  գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ:

Այսուհանդերձ, պայքարը պիտի շարունակուի:

Պայքարը պէտք է շարունակուի անկասկա՛ծ:

Ու երբ հարցը տեղափոխենք ներհայկական ճակատ, անհրաժեշտ է հարց տալ թէ ո՛ւր ենք մենք եւ ի՞նչ կ՛ընենք:

Իբրեւ ընդհանուր պատկեր` գոհունակութեամբ կրնանք պարծենալ, որ կը կատարենք անհրաժեշտը:

Բայց ո՞ր անհրաժեշտը: Եւ ի՞նչն է անհրաժեշտը այսօր:

Կը կատարենք ծիսակատարական բոլոր արարողութիւնները: Ապրիլ 24է Ապրիլ 24` պատարագ, յուշարձաններու այցելութիւն, քայլարշաւ, ցոյց, ժողովրդային հաւաք, թրքական դրօշի հրկիզում, հեռատեսիլային ելոյթներ, երբեմն փակ ու յաճախ բաց հաստատութիւններ, խաչքարի զետեղում, ճառախօսութիւն, քանի մը  հայանպաստ  յայտարարութիւն, թրքական անհանգստութիւն ու ե՞տքը:

Յաջորդ առաւօտ` նոյն առօրեան: Առօրեայ մը, որ ամէն օր ու ամէն ժամ մեզ կը հեռացնէ հայութենէն, ո՛չ միայն հեռաւոր երկիրներու մէջ ապրող ափ մը հայերու պարագային, այլ` հայահոծ ճանչցուած  հին ու նոր հայկական գաղութներու մէջ: Հայութիւն մը, որ ամէն օր կը հիւծի, իր թիւէն ամէն օր տասնեակներ կ՛անցնին դէպի  օտարացում` իր ամենադաժան բացատրութեամբ:

Մէկ կողմէ իր առօրեային մէջ խեղդուող հայու եսակեդրոն մտայնութիւնը ու միւս կողմէ` աշխարհաքաղաքացի մարդ դառնալու եւ երբեմն հայութեան հետ առնչուող հայ մնալու բարդոյթը (ու  նաեւ` ամօթի զգացումը) այսօր մեզ կը դնէ ճակատագրական հանգրուանի մը դիմաց, որ կը վտանգէ հայն ու Հայաստանը, համայն հայութիւնն ու բնականաբար Հայ դատն ու ի խնդիր անոր պայքարը:

Եղեռնէն անմիջապէս ետք մեր Դատի հետապնդման գաղափարախօսութեան հիմնական թեման հայութեան ֆիզիքական գոյութեան պահպանումն էր: Փրկել կորսուած հայերը, որբահաւաք կատարել, թրքական հարեմներէն թէ արաբական ցեղախումբերէն հայ կիներ ազատել, գաղթակայաններու մէջ ապաստանած խրճիթներու տակ ապրող հայերու կեանքը փրկել, բարելաւել անոնց կենսամակարդակը, ապահովել սերնդագործումը, բազմացնել հայերու թիւը, մէկուկէս միլիոն նահատակներու փոխարէն` նոր երեխաներ ծնիլ: Ու մեր հայրերը կատարեցին սրբազան այս պարտականութիւնը ու հայը հայ մնաց ֆիզիքապէս:

Ֆիզիքական գոյութեան պահպանումը առաջնորդեց հայապահպաման: Այդ գործն ալ կատարուեցաւ որոշ չափով: Անցանք քաղաքականացման ու ապա յեղափոխականացման փուլեր: Ճանչցուցինք մեր Դատը, պայքարի ճամբուն ինկան նահատակներ, թուրքը հակադարձեց:

Բայց եկաւ մէկ այլ հարուած: Ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանած հայ մարդը, քաղաքանացման ու յեղափոխականացման աշխատանքին իր բաժինը բերած հայ մարդը, Հայաստանի անկախութեամբ ու Արցախի հերոսապատումով հպարտացած հայ մարդը սկսաւ աստիճանական տեղատուութեան: Յաճախ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ու արդիականութեան (այսինքն` արեւմտականացումին = ուծացումին) հովերով տարուած` սկսաւ նախընտրել աշխարհաքաղաքացի մարդը` գլխագիր Հայ Մարդէն:

Ու այդ մարդը դարձաւ նոր տեսակի հայ:

Հայ մը, որուն համար բաւարար է Ս. Ծննդեան ու Զատիկին օտար վարժարան յաճախող իր զաւակներուն հետ ներկայ ըլլալ եկեղեցի ու Ս. հաղորդութիւն ստանալ:

Հայ մը, որ նոյնիսկ իր օտար կնոջ ու օտար վարժարան յաճախող զաւակներուն հետ Ապրիլ 24ին կը մասնակցի իր բնակավայրի ցոյցին:

Հայ մը, որ երբեմն նուիրատուութիւն ալ կը կատարէ ի յիշատակ իր ծնողաց` տեղւոյն եկեղեցւոյ, առաջնորդարանին, կաթողիկոսարանին ու բնականաբար կ՛ակնկալէ համապատասխան շքանշան:

Հայ մը, որ իր մեծ հօր արխիւներուն մէջ փաստաթուղթեր կը փնտռէ դիւրութեամբ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու,  որպէսզի աւելի դիւրին եւրոպական կամ ամերիկեան անցագիր ստանայ:

Հայ մը, որ յանկարծ նաեւ կ՛որոշէ Հայաստան ալ այցելել ու խրատներ բաշխել` մեկնելով յաջողած պիզնըսմենի իր փորձառութենէն:

Հայ մը, որ ինքնութեան պահպանման համար խնդիր չի տեսներ օտար ամուսնութեան մէջ, զաւակները օտար վարժարան ղրկելուն մէջ, հայերէն չգիտնալուն մէջ, իր զաւակները օտարի հետ ամուսնացնելու մէջ:

Չէ՞ որ, վերջին հաշուով, «աշխարհը փոխուած է», արհեստագիտութիւնը արագացուցած է հաղորդակցութիւնը: Չէ ո՞ր արիւնով հայ է (մոռնալով որ ժամանակի ընթացքին արիւնն ալ կը փոխուի): Չէ՞ որ իր պարտականութիւնները կը կատարէ հայութեան նկատմամբ (եկեղեցի, քաղաքացիութիւն, նուիրատուութիւն):

Մնացեալը` ինքը աշխարհաքաղաքացի մարդն է, բայց երբեք Հայ Մարդը, որ պարտաւոր է հայ ապրիլ, հայութեամբ ապրիլ, հայակեդրոն ապրիլ:

Հայ դատի հետապնդումը Հայ Մարդով կը կատարուի:

Հայ դատի պայքարը, Հայաստանի ամբողջացումը, Արեւմտահայաստանի ազատագրումը Հայ Մարդով կը կատարուին:

Միւսը, իր նպաստը նոյնիսկ եթէ ունենայ, ժամանակաւոր եւ անցողակի է:

Այսօրուան հրամայականը հայու ինքնութեան պահպանումն է:

Այլապէս ո՛չ եկեղեցին կ՛ապրի, ո՛չ հայրենիքը, ո՛չ Արցախը, ո՛չ սփիւռքը եւ ո՛չ ալ կուսակցութիւնները:

Մենք է, որ ուղղութիւն պիտի տանք ժամանակին եւ ոչ թէ ենթարկուինք ժամանակի պահանջին.

Մնացեալը ամբողջ պատրանք է սոսկ:

Եւ վաղը ուշ կ՛ըլլայ: Շա՜տ ուշ