Էրպիլի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն Պիտի Բացուի


ԵՐԵՒԱՆ․- Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւն բանալու մասին:

Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած հրամանագրին համաձայն` հիւպատոսական շրջանին մէջ կ’ընդգրկուի Քիւրտիստանի տարածաշրջանը (Էրպիլ, Սուլէյմանիա, Տոհուկ):

Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ յարաբերութիւնները յառաջընթաց արձանագրուած են վերջին 5-6 տարիներուն, մասնաւորապէս` Երեւանի մէջ վերաբացուած է Իրաքի դեսպանութիւնը, գումարուած են տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-իրաքեան համատեղ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստեր, գործարար համաժողովներ, բացի այդ, տարիէ տարի կ’աւելնայ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը, զբօսաշրջային եղանակին կը գործեն ուղիղ չուերթներ Պաղտատ-Էրպիլ-Երեւան ուղղութիւններով: