Կարէն Կարապետեան Վարչապետ Վերանշանակուեցաւ


Նախագահի հրամանագիրով Կարէն Կարապետեան նշանակուեցաւ Հայաստանի վարչապետ: Սերժ Սարգսեանի ստորագրած համապատասխան որոշումին մէջ, կ՛ըսուի.

«Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 4րդ կէտով` կ՛որոշեմ.

Կարէն Կարապետեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ»:

Մինչ այս 6րդ գումարման Ազգային Ժողովի աշխատանքի մեկնարկին Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութիւնը հրաժարական տուած էր:

Առաջին անգամ Կարէն Կարապետեան վարչապետ նշանակուած էր 2016ի Սեպտեմբեր 13ին: Մինչեւ այդ Կարէն Կարապետեան Երեւանի քաղաքապետ եղած է կարճ ժամանակի մը համար` 2010ի Դեկտեմբեր 17էն մինչեւ 2011ի Հոկտեմբեր 28: