Հալէպի Հայկական վարժարանները կը շարունակեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը


Հալէպի մէջ յոյսի ծիլեր կան. հրթիռակոծման վտանգը շեշտակի նուազած է, կենղացային բարելաւումներ կը նկատուին, կ’ակնկալուի ջուրի, աստիճանաբար նաեւ` ելեկտրականութեան խնդիրներու լուծում:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին հաղորդած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Սուրիական բանակը ազատագրած է Սուլէյմէն Հալապի թաղամասին մէջ գտնուող ջրամատակարար ընկերութիւնը եւ համապատասխան մարմինները կը զբաղին վերանորոգման աշխատանքներով: «Հալէպը զուրկ է ելեկտրականութենէն, սակայն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հաղորդմամբ, ելեկտրակայանը նոյնպէս կը վերանորոգուի, եւ մինչեւ նոր տարի հաւանաբար ելեկտրականութեան հարցը եւս կը լուծուի: Հիմնական խնդիրներն են գնաճն ու գործազրկութիւնը: Այս բոլոր հարցերը կը լուծուին, եւ քաղաքը կը սկսի աստիճանաբար վերականգնիլ միայն խաղաղութեան հաստատման պարագային: Վերականգնուած է նաեւ Հալէպի արդիւնաբերական շրջաններու ` Շէյխ Նաճճարի եւ Լերամունի գործունէութիւնը: Հայ արհեստաւորներու մեծ մասի արհեստանոցները կը գտնուիին Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ, ահաբեկիչներուն կողմէ թաղամասը գրաւելէ եւ թալանի ենթարկելէ ետք անոնք գործազուրկ մնալէ բացի  կրած են զգալի նիւթական կորուստներ:  Թալանի  ենթարկուած են նաեւ Պոսթան Փաշա գտնուող հայկական ծերանոցը եւ առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներուն համար նախատեսուած «Արեւիկ» մանկական կեդրոնը: Այնուամենայնիւ յառաջիկայ օրերուն սուրիական բանակը ականազերծում պիտի կատարէ Պոսթան Փաշայի մէջ եւ հայ արհեստաւորները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վերադառնալու իրենց արհեստանոցները»,- նշած է Զարմիկ Պօղիկեան:

«Հայկական վարժարանները կը շարունակեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը, քաղաքին մէջ սնունդի եւ դեղօրայքի ճգնաժամ չկայ: Յուսանք, որ 2017 թուականին խաղաղութիւն կ’ըլլայ եւ Սուրիոյ բնակչութիւնը դուրս կու գայ տագնապային իրավիճակէն: Ջուրի մատակարարման խնդիր չըլլար, եթէ ահաբեկիչները Հալէպին ջուր մատակարարող գիւղերուն մէջ չխափանեն դէպի Հալէպ ջուրի հոսքը»,- աւելցուցած է ան:

Վերջին շրջանին սուրիական բանակը դաշնակիցներուն հետ միասին իր վերահսկողութեան տակ  վերցուցած է  Հալէպի արեւելեան 17 շրջաններ: Աւելի քան 18000 քաղաքացիներ սուրիական բանակին օգնութեամբ դուրս  եկած են այս շրջաններէն, շուրջ 90 000 քաղաքացիներ ալ սուրիական բանակի եւ դաշնակից զօրքերու հովանիի ներքոյ կը շարունակեն մնալ իրենց բնակավայրերուն մէջ:

Այդ շրջանները ազատագրելու եւ ահաբեկիչներէն մաքրելու արդիւնքով Հալէպի շատ թաղամասերու մէջ, որոնց մէջ կան նաեւ հայկական թաղամասեր, հրթիռակոծման վտանգը շեշտակի նուազած է: Դեռեւս Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ կան շրջաններ, որոնք կը գտնուին ահաբեկիչներու վերահսկողութեան տակ, եւ այդ շրջաններուն մէջ խաղաղ բնակչութեան վրայ հրթիռակոծութիւններ կը կատարուին: Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջընթացը` ազատագրելով նոր շրջաններ: Պոսթան Փաշա թաղամասի ազատագրումէն ետք Հալէպի հայաշատ թաղամասերէն մէկուն` Նոր գիւղին մէջ, իրավիճակը աւելի  կայունացած է, քանի որ նախորդ 4 տարիներուն ընթացքին ահաբեկիչները անընդհատ Պոսթան Փաշայէն կը հրթիռակոծէին Նոր գիւղի խաղաղ բնակչութիւնը, դիպուկահարներու  թիրախին մէջ էին անցորդները եւ այլն:  Այժմ Նոր գիւղը եւ  շարք մը այլ շրջաններ աւելի հանգիստ են, բայց իրավիճակը ամբողջովին կրնայ կայունանալ Հալէպի լիակատար ազատագրումով: