Հայաստանի Եւ Արցախի մէջ Թորոնթոհայ Ներդրողներ (Ա)․ Հրաչ Ճապրայեան


Homeland Foods ընկերութեան “Ոզնի” բնական չիրերու արտադրութեան տեսականի

 

Զրոյց` Գործարար Հրաչ Ճապրայեանի Հետ՝ Հայաստանի Մէջ Իր Նախաձեռնութիւններուն Մասին

 

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հայաստանի անկախացումէն ետք, հայրենիքը ծաղկեցնելու ու անոր դժուար օրերը ետին ձգելու միտումով, աշխարհասփիւռ հայ գործարարներ սկսան իրենց ձեռնարկութիւնները հաստատել Հայաստանի եւ նոյնիսկ՝ Արցախի մէջ։ Թորոնթոյէն եւս գործարարներ անմասն չմնացին այս գործընթացէն եւ Հայաստան ուղղուեցան՝ աշխատանքի վայրեր եւ առիթներ ստեղծելու հոն ապրող հայ մարդուն։ Այս էջով եւ իրերայաջորդ յօդուածներով կը ներկայացնենք հայրենիքի մէջ թորոնթոհայ գործատէրերու եւ անհատներու ներդրումները, աշխատանքը եւ յաջողութիւնները այսպիսով՝ խրախուսելով այլոց, որոնք ներդրումներու մասին կը մտածեն։

         Գործարար Հրաչ Ճապրայեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի մէջ թորոնթոհայ ներդրողներու յատկացուած մեր յօդուածաշարքին առաջինը։ Մեր հիւրը՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած, զանազան պաշտօններ ստանձնած եւ ներդրումներ կատարած գործարար Հրաչ Ճապրայեանն է:  

 

Անցեալէն մինչեւ այսօր ի՞նչ պաշտօններ ստանձնած էք Հայաստանի մէջ։

2010 թուականին գանատական Dundee Precious Metals հանքարդիւնաբերութեան ընկերութինը, որուն հետ արդէն կը համագործակցէի Թորոնթոյի մէջ, ինծի առաջարկեց Ղափանի լեռնահարստացման հանքավայրի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը։ 2011-ին ընտանիքիս հետ մեկնեցայ Հայաստան եւ մօտաւորապէս վեց տարի ղեկավարեցի հանքավայրը, որուն ընթացքին հոսկէ հոն 220 միլիոն տոլար ներդրում ըրինք։ 1258 գործաւոր ունեցող մեր ձեռնարկութիւնը Ղափանի մեծագոյն նախաձեռնութիւնն էր։ Ներդրումներուն մեծամասնութիւնը կատարուեցաւ հանքավայրի զարգացման, բնապահպանական ծրագիրներու, անվտանգութեան, աշխատակիցներու դպոցական ուսման, ինչպէս նաեւ հանքավայրին արդիականացման համար։ 2016-ին հանքավայրը վաճառուեցաւ եւ յանձնուեցաւ Ռուս սեփականատիրոջ։ Այդ ժամանակաշրջանին վերադարձայ Թորոթնթօ եւ շարունակեցի աշխատանքս նոյն ընկերութեան գլխաւոր  գրասենեակէն ներս։

2018-էն ի վեր Հայաստանի մէջ ստանձնած եմ Armenian Gas and Power Enterprises Գանատական (Մոնթրէալ) ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը, այսինքն՝ Հայ Նաֆթի եւ Կազի Էնէրկիայի Ձեռնարկութիւններու գլխաւոր տնօրէնն եմ։  Բաւական մեծ ծրագիր ունեցող junior exploration՝ նախնական ընկերութիւն մըն է այն, որ նաֆթի եւ կազի որոնման աշխատանքներ կը տանի։ Վերջին երկու-երեք տարուան ընթացքին մօտ 7 միլիոն  տոլարի ներդրում կատարած ենք, եւ ընդհանրական ծրագիր մը կայ 50-էն 55 միլիոն տոլար ներդրում ընելու յառաջիկայ 3-4 տարիներուն։ Յոյսով ենք, որ Հայաստանը կրնայ մօտիկ ապագային նաֆթ արտահանել։ Բնականաբար դժուարութիւններ կան, սակայն յաղթահարելի են անոնք։ Ներկայիս Երեւանի մէջ ունինք գրասենեակ մը եւ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ ունինք Անգլիայէն, Ալպէրթայէն, Քալկրիէն ու Թորոնթոյէն, որոնք յաճախ կ’այցելեն Հայաստան այս գործին համար։ Կը նախատեսենք  մօտաւորապէս 460 աշխատատեղ ստեղծել, իսկ 2025 թուականի ծրագրաւորուած եկամուտները կրնանք տարեկան մինչեւ 250 միլիոն տոլարի հասցնել։

Որպէս գործարար ի՞նչ ներդրում ունիք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Ի՞նչպիսի նախաձեռնութիւններ են անոնք։

Երեք ընկերութիւններու մէջ բաժնետէր եմ։

Առաջինը՝ 2014-ին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ քանի մը ընկերներով հիմնեցինք քարի մշակման գործարան մը, ուր քարը կը հանեն, կը մշակեն, կը տաշեն ու կը վաճառեն։ Քարահանքը Արցախի մէջ է, իսկ վերամշակման գործարանը Հայաստանի մէջ։ Երկու վայրերուն մէջ ալ հարկ կը վճարենք: 72 գործաւոր ունինք, որոնցմէ շատերը ազատագրուած տարածքներուն մէջ կ’ապրին։ Անոնց աշխատավարձը միջին աշխատավարձէ աւելի բարձր է: Ընկերային ծրագիրներ ալ կ’իրականացնենք գիւղացիներուն, այսինքն՝ յաւելեալ գումար կը յատկացնենք անոնց, որպէսզի իրենց արտը վարեն եւ բերք հասցնեն։ Շատ զարգացած եւ վստահելի Հայաստանցի տնօրէն մը ունի ձեռնարկութիւնը։ Ես քանի մը ամիսը մէկ կ’այցելեմ այդ վայրը ու կը հետեւիմ հոն տարուած աշխատանքներուն։

Երկրորդը՝ Homeland Foods անունով ընկերութեան մը երկու բաժնետէրերէն մէկն եմ։ Չիրի արտադրամաս է, ուր բնական (օrganic) եւ առանց շաքարի չիրեր կ’արտադրենք։ Հետաքրքրական բաժինը այն է, որ մենք անմիջականօրէն կ’աշխատինք գիւղացիին հետ եւ նոյնիսկ անձնապէս կ’երթանք եւ անոնցմէ պտուղները կը գնենք: Անցեալ տարի սկսած մեր այս նախաձեռնութիւնը եւ արտադրութիւնը յաջող տարի մը ունեցաւ։ Հայաստանի մէջ հաստատուած ամերիկահայ գործընկերս կը ղեկավարէ այս փոքր արտադրամասը, որ ունի 11 գործաւորներ։ Ներկայիս հողատարածներ գնած ենք Հայաստանի զանազան գիւղերուն մէջ ու յառաջիկայ տարուան ընթացքին կը սկսինք ցանել եւ կ’ունենանք մեր բերքը։ Վարուցանքը գիւղացիին յանձնելով գործի դրութիւններ պիտի ապահովենք անոնց։ Ունինք ընկոյզի արտադրութեան ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ պիտի հիմնենք նոր բաժին մը, ուր պիտի արտադրենք 100 % բնական մանկական սնունդ նորածիններուն եւ երեխաներուն համար։

Երրորդը՝ Փետրուար 21-ին, գործընկերոջ մը հետ, բարձրագոյն որակով, արտասահմանեան ուտեստեղէն ներկայացնող նորաոճ ճաշարանի մը բացումը պիտի կատարենք Երեւանի կեդրոնը։ Խոհարարը դուրսէն է, իսկ մատուցողները մասնագիտական դասընթացք ստացած անձեր են։ Ուզեցինք այնպիսի ուտեստեղէն ներկայացնել մեր հայրենակիցներուն եւ զբօսաշրջիկներուն, որ Հայաստանի մէջ իր որակով ու գերազանց մատուցմամբ պիտի ըլլայ բացառիկ։ Ճաշարանին անունը եւ թեման կապուած է մասնագիտութեանս, այսինքն՝ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին։ Մօտաւորապէս 16 հոգի շատ լաւ աշխատավարձով պիտի աշխատի հոն։

Homeland Foods-ի արտադրութիւնը կ’արտածէ՞ք ։ Ո՞ւր կը վաճառուին այդ չիրերը:

Ունինք Ռուսական, հայկական եւ վերջերս Լիբանանեան շուկան, նախ կ’ուզենք զանոնք գոհացնել, ապա այլ վայրեր ուղարկել։ Թորոնթօ արտածած մեր չիրերը արդէն սպառած են։ Փետրուարի վերջը որոշ քանակով արտադրանք մը դարձեալ պիտի հասնի Թորոնթօ։ Ներկայիս վաճառման վայրը պարոն Սարգիսին I.D.A. Cassandra դեղարանն է։ Մեր արտադրութեան քանակը առայժմ սահմանափակ է։ Յաջորդ տարիներուն թոներով չիր կրնամ բերել եւ մեծ շուկաներուն մէջ ծախել, մանաւանդ որ բոլոր թոյլտուութիւնները ունինք, արտադրութիւնը հարիւր տոկոս բնական եւ երաշխաւորուած ապրանք է։

Ըսիք, որ գրեթէ Հայաստան հաստատուած էք։ Ե՞րբ առիք այդ որոշումը։ Արդեօք նոր կեանքի եւ միջավայրի ընտելանալու դժուարութիւններ ունեցա՞ք։

Լիբանան ծնած եմ։ Տասը տարեկանիս ընտանեօք Գանատա հաստատուած ենք։ Հայրենասէր ընտանիքի մէջ մեծցած եմ եւ ՀՕՄի հայկական դպրոցը յաճախած։ Ծնողքիս հայրենասիրութիւնը եւ դպրոցի  դաստիարակութիւնը մեծ ազդեցութիւն եւ դերակատարութիւն ունեցած են ապագայի կեանքս կերտելու մէջ։ 1991-ին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան գացի։ Հոն էինք, երբ Սովետական Միութեան անկումը սկսաւ։ Այդ օրերէն ի վեր մտերմօրէն կապուեցայ եւ սիրահարուեցայ Հայաստանին ու սկսայ ամէն տարի արձակուրդներս հոն անցընել։ Հայերէնս ալ աւելի սկսաւ զարգանալ հոն։ Տիկնոջս հետ Հայաստան ծանօթացայ, 2004-ին ամուսնացանք եւ եկանք Թորոնթօ։ Քանի մը տարի ետք Հայաստան հաստատուեցանք։ Շատ դիւրին էր որոշում առնելը, որովհետեւ կինս արդէն Հայաստան ծնած եւ մեծցած է։ Դժուարութիւնը՝ ժողովուրդին մտածելակերպը եւ հոգեբանութիւնը մերինէն տարբեր է, ուստի ակնկալիքներդ պիտի փոխես։ Լեզուի խնդիր արդէն չկար։ Երեխաներուս համար մանկապարտէզ յաճախելը շատ դիւրին եղաւ։ Շատ շուտ համակերպեցանք ամէն ինչին։ Ամենէն մեծ դժուարութիւնը գործի բերումով էր՝ 1258 գործաւոր, հետեւաբար 1258 մտածելակերպ։ Առաջին տարին շատ դժուար էր, որովհետեւ բոլորը քեզ կը դիտեն որպէս գանատացի եւ դժուարաւ կը վստահին քեզի։ Մէկ տարի տեւեց այդ մէկը, որմէ ետք բոլորը սիրաշահելով սկսան ճանչնալ զիս եւ բնականաբար ամէն ինչ սկսաւ դիւրանալ։

Ի՞նչ կ’ըսէք այն անձերուն, որոնք նպատակ ունին Հայաստանի մէջ նախաձեռնութիւն ընելու եւ աշխատավայր ստեղծելու, սակայն երկմտանքի մէջ են։

Ես միա՛յն կրնամ քաջալերել եւ ըսել, որ հայրենասիրութիւնը հեռուէն չենք կրնար քարոզել։ Ես չեմ ըսեր, որ ամէն մարդ պէտք է Հայաստան տեղափոխուի կամ հոն ներդրում ընէ, այլ կ’ըսեմ, որ պէտք է ջանք թափենք եւ Հայաստանի մէջ ներդրում կատարենք։ Երկորորդ՝ հեռուէն շատ չքննադատենք, այլ՝ երթանք, աշխատինք, փորձառութիւն ունենանք եւ այդ փորձառութեան հիման վրայ կառուցողական քննադատութիւն ընենք եւ լաւ կէտերը գնահատենք։ Երրորդ՝ յոյսով եմ, որ սփիւռքահայ, արցախահայ կամ հայաստանցի անուանումները պարզապէս ՀԱՅ անուանումին տակ կը միանան, որովհետեւ դժբախտաբար մեր թիւը քիչ է եւ զատողութիւն դնելու հոգեբանութիւնը պէտք է ոչնչանայ մեր մէջէն։ Կը քաջալերեմ բոլորը, որ Արցախի մէջ ալ փորձեն ներդրում ընել: Իմ եւ այլ յաջող գործարարներու իրագործած քայլերը պէտք է ուժ տան եւ խթան հանդիսանան բոլորին իրագործելու իրենց նպատակը։

Հայրենի հողին վրայ խօսքը պատասխանատուութեան, պատասխանատուութիւնը աշխատանքի, աշխատանքը իրականութեան, իսկ իրականութիւնը կեանքի կոչելու իսկական պատմութիւնը նոր սկսած է ու պիտի շարունակուի մեր յաջորդ հանդիպումներուն եւ հարցազրոյցներուն ընդմէջէն։