Հայաստան Ապրուստի Աժանութեան Վարկանիշի Առաջին 20ին Մէջ Կը Գտնուի


«Նիւմպէօ» (Numbeo) հետազօտական կեդրոնի Cost of Living Indexի 2017 վարկանշային աղիւսակին մէջ Հայաստան ապրուստի աժանութեան տեսակէտէն, 33.87 վարկանիշով աշխարհի երկիրներու առաջին 20ին մէջ կը գտնուի։

 Վրաստան՝ 27.37 վարկանիշով, մտած է ամենաաժան երկիրներու առաջին հնգեակին մէջ:

Ցած գիներ ունեցող երկիրներու ցանկը կը գլխաւորէ Եգիպտոսը, որուն կը հետեւին Հնդկաստանը, Ուքրանիան եւ Փաքիստանը: Վեցերորդ հորիզոնական դիրքը կը գրաւէ Ատրպէյճանը՝ 27.76 վարկանիշով:

Աշխարհի ամենասուղ վայրը Պերմուտեան կղզիներն են (146.19), որոնց կը հետեւին Զուիցերիան (122.06), Իսլանտան (111.71) եւ Նորվեկիան (106.31):