Հայոց Բանակին՝ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանին Ուղարկած Դեղորայքը Հասաւ Հայաստան


ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանին կողմէ ուղարկուած  112 հազար ԱՄՆ տոլար արժողութեան դեղորայքը հասաւ Հայաստան։ Ինչպէս ամիսներ առաջ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը հաղորդած էր, որ համագործակցութեամբ եւ նուիրատուութեամբ Lernapharm ընկերութեան,  2 բեռնարկղ դեղորայք կ՛առաքէ դէպի հայրենիք։ 800 հազար հականեխիչ դեղորայքը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով հաւասարապէս պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն: Դեղերայքէն մաս մը պիտի առանձնացուի նաեւ Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական եւ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոններուն:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի միաւորի ընկերուհիներուն եւ նուիրատու Lernapharm ընկերութեան սեփականատէր, Մոնրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ռազմիկ Մարկոսեանին` Հայրենիքին եւ հայ զինուորին մշտապէս զօրավիգ ըլլալուն համար: