Քա­ղա­քա­կա­նաց­ման Ժա­մա­նակն Է


Ռազ­միկ Շի­րի­նեան


Հայ­րե­նի մա­մու­լին մէջ ա­մէ­նօ­րեայ տե­ղե­կու­թիւն են` ժո­ղո­վուր­դին ան­գոր­ծու­թիւ­նը, աղ­քա­տու­թիւ­նը եւ ա­նօ­թու­թիւ­նը յատ­կա­պէս` Ե­րե­ւա­նի, Շի­րա­կի եւ Տա­ւու­շի շրջան­նե­րուն մէջ: Ա­պա­քա­ղա­քա­կա­նաց­ման ցայ­տուն ե­րե­ւոյթ է չքա­ւո­րու­թիւ­նը: Մեր պա­րա­գա­յին` ան­հան­դուր­ժե­լի, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­րիւր տա­րի ետք հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը տա­կա­ւին կը մնայ սնունդ ա­ղեր­սող ժո­ղո­վուրդ:

Մեր հիմ­նա­կան հար­ցը, վեր­ջին քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն, մեր եր­կի­րը կար­գի բե­րե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման հար­ցը ե­ղած է: Այս հար­ցը ուղ­ղա­կի կը դպչի` քա­ղա­քա­կան մեր ներ­կա­յին, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղին, մեր երկ­րի ա­պա­հո­վու­թեան, մեր պե­տու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու ի­րա­կա­նու­թեան, մեր այ­սօ­րո­ւան` իր ամ­բողջ տո­ւեալ­նե­րով:

Ո­րո՞նք­ են Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման անհ­րա­ժեշտ տո­ւեալ­նե­րը: Բա­նա­կը ան­շուշտ հիմ­նա­կան դեր կը խա­ղայ երկ­րի ա­պա­հո­վու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ: Մե­զի նման զգա­ցա­կան ժո­ղո­վուրդ մը ան­կա­րող է ան­տար­բեր մնալ իր բա­նա­կի քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը տես­նե­լով: Ապ­րի­լեան չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք հա­յը ըմբռ­նեց ճգնա­ժա­մա­յին պա­հու ընդ­հա­նուր ու մաս­նա­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ կառ­չե­ցաւ իր բա­նա­կին, կառ­չե­ցաւ իր հայ­րե­նա­սի­րա­կան քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն, եւ դժբախ­տա­բար, չկրցաւ կառ­չիլ իր պե­տա­կա­նու­թեան:

Բա­նա­կը չի կրնար պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տել: Բա­նա­կէն բա­ցի` կան այլ գոր­ծօն տո­ւեալ­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղան պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­լու գոր­ծին մէջ: Այդ տո­ւեալ­նե­րը քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ը­սո­ւած գոր­ծին եւ հաս­կա­ցո­ղու­թեան մէջ կը պար­փա­կո­ւին եւ ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեա­յին մաս կը կազ­մեն: Քա­ղա­քա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն է, օ­րի­նակ, ար­տադ­րու­թեան եւ ար­տա­ծու­մի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, ի­րա­ւա­հա­ւա­սար բաշ­խու­մը, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ եր­թե­ւե­կի բա­րե­լաւ­ման մի­ջոց­նե­րը, շի­նա­րա­րու­թիւ­նը, ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղին հետ կա­պո­ւած բազ­մա­թիւ են­թա­կա­ռու­ցա­յին հիմ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րը, ինչ­պէս, օ­րի­նակ, գոր­ծա­րան­ներ, ճամ­բա­ներ, կո­յու­ղի­ներ, ջու­րի մա­տա­կա­րա­րում, խնամ­քի կեդ­րոն­ներ եւ այլն: Այս բո­լո­րին ան­բա­ւա­րար կա­ռու­ցումն է, որ հե­ռու պա­հած է հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը հանգս­տա­ւէտ ու բա­րե­կե­ցիկ կեան­քէ: Հե­ռու պա­հած է ժո­ղո­վուր­դը քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն եւ պե­տա­կա­նու­թե­նէն: Վեր­ջին հա­շո­ւով, կեն­ցա­ղա­յին բա­րե­կե­ցիկ իր կեան­քը ա­պա­հո­ված ժո­ղո­վո՛ւրդն­ է, որ գի­տա­կից ոս­տում կը կա­տա­րէ դէ­պի ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, կամ, մեր հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, դէ­պի ըն­կեր­վա­րա­կան հա­մա­կարգ:

Այ­սօր հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը, աշ­խա­տա­ւորն ու գիւ­ղա­ցին, բա­նո­ւորն ու մտա­ւո­րա­կա­նը տա­կա­ւին չեն տի­րա­ցած ի­րենց ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քին: Ա­հե­թեթ է ներ­կայ մեր տնտե­սա­կան տագ­նա­պին ել­քը փնտռել դրա­մա­տի­րա­կան կամ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ: Կաս­կա­ծէ վեր է ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, կամ` ար­տադ­րու­թեան ու սպա­ռու­մի վե­րա­բաշխ­ման նոր հա­մա­կար­գի մը ստեղ­ծու­մը: Ո՛չ ­մէկ ա­զա­տա­կան քաղ­քե­նի միտք կամ հարս­տու­թիւն դի­զած իշ­խա­նա­ւոր, մաս­նակ­ցո­ղա­կան կամ հա­ւա­սա­րո­ղա­կան սկզբունք­նե­րով տնտե­սա­կան վե­րա­բաշ­խու­մի կը ձգտի, կամ նոր հա­մա­կար­գի մը յոյ­սը կը ներշն­չէ: Հո՛ս­ է ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան մը կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը` հայ­կա­կան ա­րե­ւե­լու­մով ու գոյ­նե­րով: Այ­սօր հայ­րե­նի­քը պէտք ու­նի ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, այ­սինքն` յե­ղա­փո­խու­թեան, իսկ յե­ղա­փո­խու­թեան թի­րա­խը շա­հա­գոր­ծող տարրն է:

Այս յե­ղա­փո­խա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը կու գայ այն տե­ղէն, ուր գո­յու­թիւն ու­նի Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը: Բա­րե­բախ­տա­բար Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը այ­սօր մաս կը կազ­մէ իշ­խա­նու­թեան, մաս կը կազ­մէ նաեւ ժո­ղո­վուր­դին եւ յե­ղա­փո­խա­կան իր նկա­րա­գի­րով կ­՛ա­զա­տագ­րէ ժո­ղո­վուր­դը կե­ղե­քու­մէ, շա­հա­գոր­ծու­մէ ու չքա­ւո­րու­թե­նէ եւ, վեր­ջին հա­շո­ւով, կը հաս­տա­տէ իշ­խա­նու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ շաղ­կա­պո­ւած ու հա­րա­զատ պե­տա­կա­նու­թիւն մը:

Հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը յե­ղա­փո­խա­կան այս բա­րիք­նե­րով կա­րե­լի է սահ­մա­նել եւ յու­սադ­րել: Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր կեան­քին ու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տէ­րը պա­հե­լու բա­րիքն է ա­սի­կա: Հայ աշ­խա­տա­ւոր ան­հա­տին գոր­ծը ար­ժե­ւո­րելն է եւ այդ գոր­ծին նիւ­թա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան եւ բա­րո­յա­կան վե­րելք ա­պա­հո­վելն է, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան մնա­յուն օ­րա­կար­գը կը բնո­րո­շէ: Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ը­սո­ւա­ծը, հա­մա­կար­գա­յին եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան քլի­շէ յղաց­քէն դուրս,` ա­մէ­նօ­րեայ եւ սո­վո­րա­կան կեան­քի բա­րե­լաւ­ման մնա­յուն գործն է: Հա­յուն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կա­պո­ւած է իր հո­ղին, տան, գոր­ծին, իր կեն­ցա­ղին եւ քրտնա­խառն աշ­խա­տան­քին, ինչ­պէս նաեւ` մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան: Իշ­խա­նու­թեան գոր­ծը այս կեան­քը ա­պա­հո­վելն է ժո­ղո­վուր­դին հա­մար եւ ար­գի­լել կե­ղեք­ման տա­նող շե­ղում­նե­րը: Այս­տե­ղէն կը բխի նաեւ երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծը: Հայ­րե­նի­քը չի կրնար հզօր բա­նակ ու­նե­նալ, ե­թէ հայ գիւ­ղա­ցին, քա­ղա­քա­ցին, մտա­ւո­րա­կանն ու շի­նա­րա­րը օ­տա­րա­ցած են իշ­խա­նու­թե­նէն: Այդ բա­նա­կը շուտ կը յոգ­նի, կը պար­տո­ւի եւ ժո­ղո­վուրդ կորսնց­նե­լէն ետք` կը կորսնց­նէ նաեւ հո­ղը:

Եւ, ինչ­պէս ար­դէն կը տես­նենք, ժո­ղո­վուր­դը կ­՛ար­տա­գաղ­թէ երկ­րէն ոչ թէ պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով, այլ` կեն­ցա­ղա­յին հիմ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թեան պա­ճառ­նե­րով, իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­նա­լուն պատ­ճա­ռով, եւ այս պատ­ճառ­նե­րը յա­ճախ ան­տե­սո­ւած կը մնան ռազ­մա­վա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մեր մտա­ծո­ղու­թեան եւ քննար­կում­նե­րուն մէջ:

Երբ ժո­ղո­վուր­դը կե­ղե­քո­ւած ու շա­հա­գոր­ծո­ւած է, դժո­ւար է սպա­սու­մի եւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու մար­տա­վա­րու­թեան դի­մել: Ինչ որ անհ­րա­ժեշտ է այ­սօր, մեր ան­կա­խու­թեան տե­ւա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող յե­ղա­փո­խու­թի՛ւնն­ է, որ հայ ան­հա­տի բա­րե­կե­ցիկ կեն­ցա­ղը կ­՛ա­պա­հո­վէ եւ ա­ռաջ­քը կ­՛առ­նէ հայ­րե­նա­քանդ ար­տա­գաղ­թին:

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­կա­տին վրայ շատ ը­նե­լիք չու­նինք: Պէտք չէ ժա­մա­նակ վատ­նենք այդ ճա­կա­տին վրայ եւ մեր ու­ժե­րը պէտք է կեդ­րո­նաց­նենք մեր եր­կի­րը կար­գի բե­րե­լու, կա­ռու­ցե­լու ու հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար բա­րե­կե­ցիկ կեանք ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին մէջ: Ա՛յս­ է քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ը­սո­ւա­ծը: Ա­սոր մէջ ո՛չ ­վի­պա­պաշ­տու­թիւն կայ, ո՛չ­ ալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան խո­րա­ման­կու­թիւն: Այլ կայ ի­րա­կան քա­ղա­քա­կան գործ, պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռու­ցում:

Քա­ղա­քա­կան մեր նիւ­թե­րը հա­րե­ւան­ցի նիւ­թեր չեն: Չեն նմա­նիր Մինս­քի խմբա­կի ժո­ղով­նե­րուն կամ Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հան­դի­պում­նե­րուն, այլ կա­պո­ւած են մեր հո­ղին, մեր տան, ար­տադ­րու­թեան եւ մեր ա­ռօ­րեա­յին: Քա­ղա­քա­կա­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ա­մե­նա­լո՛ւրջ ­պահն է, որ կ­՛ապ­րինք այ­սօր: