«Ղարաբաղը Պիտի Ըլլայ Հայերու Գերեզմանը» Արտայայտութեան Համար Հոլանտայի Մէջ Իլհամ Աշքըն Դատապարտուեցաւ


«Արմենփրես»․- Մարտ 17ին Հոլանտայի դատարանը մեղաւոր ճանչցաւ հայերու նկատմամբ զանգուածային բռնութեան կոչով հանդէս եկած Հաագայի Թուրք-­ազրպէյճանական մշակութային միութեան նախագահ Իլհամ Աշքինը: Այս մասին յատնած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:

«Քիչ առաջ տեղեկացանք, որ դատարանը բաւարարած է մեղադրող կողմին պահանջքը: Աւելին` դատարանը որոշած է հարկադիր աշխատանքային 120 ժամ նախապէս ներկայացուած 80 ժամի փոխարէն: Պայմանական բանտարկութիւնը նոյնպէս աւելի վճռուած է: Երկուքի փոխարէն չորս շաբաթ` երկու տարի պայմանական ժամկէտով: Դատական վճռի մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնենք աւելի ուշ: Այս պահուն կրնանք ըսել, որ սա կարեւոր որոշում է: Դատապարտումը կը նշանակէ, որ հայերու նկատմամբ զանգուածային բռնութիւններու կոչ ընող ինչ ­որ մէկը անպատիժ չի մնար»,­ ըսած է Աբրահամեան:

Աշքին կը մեղադրուի հայերուն դէմ բռնութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու մէջ, քանի որ ան Ալմելօ քաղաքին մէջ` Մեծ եղեռնի յուշահամալիրին դիմաց կազմակերպուած թրքական հանրահաւաքին ընթացքին ըսած է. «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը»:

1 Յունիս 2014ին, Ալմելոյի մէջ տեղի ունեցած էր հանրահաւաք, որուն մասնակցած են թուրքեր։ Ցոյցը ուղղուած էր Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին դէմ: Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները, մասնաւորապէս Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը, գանգատ ներկայացուցած էին հանրահաւաքին ընթացքին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն դէմ: