ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ- 24 Ժամը Բաւարար Չէ՛ (3)


Րաֆֆի Տուտագլեան


Մարտի սկիզբը, քաղաքական կեանքի առանցքը կազմող ընտրապայքարներն ու քարոզարշաւները մե՜ծ դժուարութեամբ անտեսելով՝ որոշեցի հերթական այցելութեամբ Արցախ մեկնիլ, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործընկերներուս հետ Քաշաթաղի շրջան երթալու եւ գարնան հետ սկսող աշխատանքներուն հետեւելու համար: Ինչպէս արդէն գրած էի նախորդ նամակներուս մէջ, առաջին այցելութիւնը կատարեցինք Իշխանաձոր գիւղը, ապա՝ Միջնաւան, յետոյ ճամբայ ելանք դէպի Կովսական, որ ազատագրուելէ առաջ ծանօթ էր թրքական Զանգելան անունով: Կովսականը շուրջ 925 բնակիչ (232 ընտանիք) ունեցող համայնք մըն է, որուն կազմին մէջ կը մտնեն նաեւ Դիցմայրի եւ Քարատակ գիւղակները: Դպրոցը ունի աւելի քան 150 աշակերտ, իսկ մանկապարտէզը՝ 40:

Կովսական տեղափոխուած են նաեւ 10 սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք բոլորն ալ հողագործութեամբ կը զբաղին: Բացառութիւն են Մուշեղն ու իր կինը, որոնք բժիշկներ են եւ կ՛աշխատին տեղւոյն փոքր հիւանդանոցին մէջ: Շուրջ 5 տարի առաջ, Կովսականի մէջ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը նորոգած էր 12 բնակարաններ, որոնցմէ 7-ն յանձնուած էր Գամիշլիէն տեղափոխուած սուրիահայ ընտանիքներու: Իշխանաձոր եւ Միջնաւան այցելած էինք, գլխաւորաբար շինարարական եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներու ընթացքին ծանօթանալու եւ համապատասխան ցուցմունքներ տալու համար: Իսկ Կովսական որոշեցինք այցելել՝ ի՛մ պնդումով եւ ամբողջովին այլ նպատակով… Կ՛ուզէի ծանօթանալ Արցախի ազատագրուած տարածքներուն վրայ տեղաւորուած սուրիահայ ընտանիքերուն եւ անոնց աշխատանքներուն:

Գործընկերս՝ Էդիկը, որ Արցախի մեր գրասենեակի պատասխանատուն է, առաջարկեց այցելել Կարապետ Հազրոյին, զոր բոլորը կը ճանչնան «Կարօ» անունով: Կարօն 5 տարի առաջ մերժած էր իր ընտանիքի միւս անդամներուն հետ Շուէտ արտագաղթելու հնարաւորութիւնը եւ որոշած էր տեղափոխուիլ Արցախ ու շարունակել իր սիրելի աշխատանքը՝ հողագործութիւնը: Կարոյին հանդիպեցանք իր առանձնատան դիմաց: Հերկող մեքենաներու մաքրութեամբ զբաղած էր ան, եւ երբ մեզ տեսաւ, թողեց ամէն ինչ ու առաջարկեց սուրճ հիւրասիրել: Երբ հետաքրքրուեցայ իրմով, Կարօն պատմեց, թէ տարիներ առաջ, երբ որոշած էր Արցախ տեղափոխուիլ, ոչի՛նչ ունէր, ամէն ինչ թողած էր ետին եւ ընտանիքի միւս անդամներուն հետ Շուէտ արտագաղթելու առիթը անտեսելով՝ դիմած էր Արցախի իշխանութիւններուն, Կովսականի մէջ բնակարան ստանալու համար:

«Գրպանս դրամ չկար, տո՛ւն ալ չունէի: Ինծի ըսին, որ 6 ամիս ետք բնակարանս պատրաստ կ՛ըլլայ: Վեց ամիս օթոյիս մէջ ապրեցայ, նոյնիսկ ձմրան ամենացուրտ օրերուն: Սիրած էի Կովսականը, լա՛ւ հող ունի, գարի, ցորեն, կորեկ ցանելու համար շա՛տ լաւ է: Բնակարան ստացայ ու միաժամանակ սկսայ ցանելու: Վարկ ստացայ ու գործս քիչ-քիչ մեծցուցի: Մինչ այդ, Շուէտէն միշտ կ՛ըսէին, որ ես խե՛նթ եմ, տրամաբանութիւն չունիմ, պէտք է թողեմ ամէն ինչ ու իրենց ետեւէն երթամ: Ականջ չկախեցի, գործի՛ս ետեւէն էի», պատմեց Կարօն՝ յիշելով իր առաջին դժուար տարիները, ապա անմիջապէս անցաւ ներկային:

«Հիմա, հազար հեկտարի վրայ գարի կը ցանեմ ու կը ծախեմ անասուն պահող ընկերութիւններու: Տունս մեծցուցի, նոր մեքենաներ եւ «ճիբ» գնեցի: Գործս լաւ է, աշխատանք կա՛յ: Երբեմն Շուէտէն կը զանգեն ու կը բողոքեն կեանքի դժուարութիւններուն մասին, անմիջապէս կ՛ըսեմ, որ չմտահոգուին, եւ իրե՛նց ալ օգնութիւն կը ղրկեմ… կը զարմանան, բայց հիմա ի՞նչ կրնան ընել այլեւս», շարունակեց ան: «Այս անծայրածիր հողերը կը տեսնէ՞ք, այս հողերը ամբողջութեամբ կարելի է կանաչ դարձնել, ցանել ու հնձել: Այնքա՛ն շատ գործ կայ, որ օրական 24 ժամը արդէն հերիք չէ, չի՛ բաւեր: Ափսո՛ս, որ հարազատներս Շուէտը նախընտրեցին: Միասին այս տարածքները կրնայինք ծաղկեցնել», ըսաւ Կարօ:

Սուրճը խմեցինք ու ցտեսութիւն ըսինք Կարոյին: Վերադարձի ճամբան երկար էր, ու ամբողջ տեւողութեան ականջիս կը հնչէր Կարոյի ափսոսանքով ու յոյսով լեցուն խօսքերը՝ «Այնքա՛ն շատ գործ կայ, որ օրական 24 ժամը արդէն հերիք չէ, չի՛ բաւեր: Ափսո՛ս, որ հարազատներս Շուէտը նախընտրեցին…»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com