Պոլսահայ Աշակերտը Իրաւունք Ստացած է NASAի Տիեզերագնացներու Պատրաստման Ծրագրին Մասնակցելու


«Նիուզ»․- Պոլսոյ Ֆերիքոյի Մերամէտչեան դպրոցի 7րդ դասարանի աշակերտ Մասիս Քարան իրաւունք ստացած է մասնակցելու NASAի տիեզերագնացներու պատրաստման կրթական ծրագիրին (ATX):

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս» պարբերականը, հայ աշակերտը Թուրքիոյ խելացի աշակերտներու կրթական հիմնադրամի աջակցութեամբ կրցած է մասնակցիլ մրցոյթին ու իրաւունք ստանած է մասնակցելու NASAի տիեզերական կեդրոնին մէջ կազմակերպուող NASAի տիեզերագնացներու պատրաստման կրթական ծրագրին:

Հայ աշակերտին տրուած է հնարաւորութիւն ծանօթանալու NASAի տիեզերագնացներու հետ, օգտագործելու իրական կազմածներ, պատրաստելու սեփական հրթիռը ու օդ բարձրացնելու զայն,  ստեղծելու սեփական ռոպոթներ ու մասնակցելու մրցոյթին:

Մերամէտչեան դպրոցի տնօրէն Արփի Մանուկեան նշած է, թէ Մասիսը շատ ընդունակ աշակերտ է շարք մը ոլորտներու մէջ: «Գրականութենէն ու ճատրակէն ստացած մրցանակներ ունի, իսկ գիտութեան հետ կապուած հետաքրքրութիւնները ամրապնդուեցան ԹՈՒՄՕի հետ համագործակցութեան արդիւնքով: Մասիսը այն քիչ աշակերտներէն է, որ NASAն ընդունած է իր մօտ», ըսած է տիկին Մանուկեան: