Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Բողոքի Ցոյցեր․ Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Մտահոգութիւնն Ու Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Արցախի Նախագահին


Յունիս 1ին, Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծուըռտուքի դէպքին իբրեւ հակազդեցութիւն, 2 Յունիսին խումբ մը երիտասարդներ Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ ցոյց կատարած են` փակելով փողոցի երթեւեկելի հատուածը:

Յունիս 2ին Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը քրէական գործ  յարուցած է Յունիս 1ին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծուըռտուքի դէպքին առիթով: Կան ձերբակալուածներ: Դատախազութիւնը հրապարակած է քրէական գործին մէջ առկայ տեսանիւթի` ծեծուըռտուքի հատուածը:

Այս ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան  Յունիս 2ին ընդունած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցի խումբ մը ներկայացուցիչներ: Քննարկուած են նախօրէին մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկրի ղեկավարը ներկաներուն վստահեցուցած է, որ պիտի իրականացուի մանրակրկիտ ու անաչառ հետաքննութիւն, եւ մեղաւորները պատասխանատուութիւն պիտի կրեն օրէնքով սահմանուած կարգով:

Մինչ այդ, նախագահը նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներու հետ, որոնց հետ քննարկած է երկրի ներքին կեանքին առնչուող շարք մը հարցեր, յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած դէպքին:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուած է ստացած հարցերու ուսումնասիրութեան քննիչ յանձնախումբ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս այս առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակած է եւ նշած. «Նկատի ունենալով սահմանագիծէն ոչ այնքան հեռու գտնուող վայրի մէջ տեղի ունեցող որեւէ իրադարձութիւն, որ կրնայ թէկուզ փոքր տոկոսով սպառնալ ժողովուրդին անվտանգութեան եւ անդրադարձ ունենալ սահմանային իրադրութեան վրայ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին մտահոգութիւն կը յայտնէ այդ եւ անոր յաջորդած դէպքերուն զարգացման վերաբերեալ»: Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ, թէեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի սահմանադրական իրաւունքը ունի դատապարտելու բռնութեան որեւէ դրսեւորում, բայց եւ այնպէս Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յորդորէ զերծ մնալ արդէն իսկ արտաքին սպառնալիքներու տակ գտնուող մեր երկրի ներքաղաքական իրավիճակը արհեստականօրէն սրելու վտանգաւոր քայլերէ եւ հարցի հանգուցալուծումը դիտարկել բացառապէս իրաւական հարթութեան վրայ:

Միւս կողմէ, ցուցարարները պահանջած են ուժային կառոյցներու համապատասխան ղեկավարներու հրաժարականը: Ցոյցին նախաձեռնող Դաւիթ Սիմոնեան նշած է, որ իրենք տուեալ անձերու հրաժարականը կը պահանջեն, որովհետեւ անընդունելի է համազգեստով ծառայողներու մասնակցութեամբ մայրաքաղաքին մէջ ծեծուըռտուք կազմակերպելը: «Բոլոր պատասխանատուները պէտք է հեռացուին իրենց աշխատանքէն եւ պատասխանատուութեան ենթարկուին», ըսած է Դ. Սիմոնեան:

Ցուցարարներուն պահանջը լսելու նպատակով դէպքի վայր եկած են Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Վիթալի Բալասանեան, Ազատամարտիկներու միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Հայկ Խանումեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Աւելի ուշ բողոքի մասնակիցներուն իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Վահան Բադասեանը:

Իշխանութեան ներկայացուցիչները հաստատած են, որ առաջադրուած խնդիրները պիտի լուծուին օրէնքի ծիրին մէջ, եւ բոլոր մեղաւորները պատասխանատուութիւն պիտի կրեն, սակայն նախաձեռնութեան հեղինակ Դաւիթ Սիմոնեան յայտարարած է, որ մինչեւ չկատարուի ցուցարարներուն պահանջը, իրենք պիտի շարունակեն ցոյցը:

Յունիս 3ի առաւօտեան, Ստեփանակերտի մէջ քաղաքացիները կրկին փակած են Ազատամարտիկներու փողոցը եւ բողոքի ցոյց կատարած են` պահանջելով ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն հրաժարականները:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Յունիս 3ի երեկոյեան հեռաձայնային կապ հաստատած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնած Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն գծով:

Նախագահը ընդհանուր գիծերով կաթողիկոսին ներկայացուցած է տիրող կացութիւնն ու անոր դրդապատճառները: Արամ Ա. իր զօրակցութիւնը յայտնելով նախագահին եւ Արցախի ժողովուրդին` շեշտած է, որ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները վստահաբար մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները ու Արցախի իշխանութիւնը, փոխադարձ հասկացողութեամբ, պիտի առաջնորդեն խոհեմութեան ու զգօնութեան` հեռու մնալով ստեղծումէ այնպիսի մթնոլորտի, որ կրնայ վնասել Արցախի անվտանգութեան: