Վարդանանց Հերոսամարտի Տօնակատարութիւն


Վար­դա­նանց հե­րո­սա­մար­տի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան յայտագրի մասնակիցներն ու հոգեւորականները, Փետ­րո­ւար 20, Թորոնթօ:

Մատաթ Բ. Մամուրեան


28 Փետրուար 2019ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Հերոսամարտի 1568ամեակի տօնակատարութիւնը` հաւաքական աղօթքով եւ հանդիսաւոր համերգով, կազմակերպութեամբ` Թորոնթոյի Հայ Առաքելական« Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միջյարանուանական Մարմնին եւ մասնակցութեամբ՝ ՙՆայիրի՚ երգչախումբին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեան, որ ըսաւ․ ՙՄայր Հայրենիքի, Արցախի եւ աշխարհացրիւ հայութեան հետ կամրջուելով, այս երեկոյ պահ մը դադար  կ’առնենք, Աւարայրի խորհուրդով եւ պատգամով կը յիշենք, կ’ուխտենք եւ կ’ոգեկոչենք Վարդանանցի անմահները, որոնք նախընտրեցին մեռնիլը, բայց ապրեցան յաւերժօրէն․․․՚, աւելցնելով․ ՙՎասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց բնաբանով է, որ Յարանուանական Մարմինը կ’ողջունէ ձեզ ոգեկոչման այս ձեռնարկին ընդմէջէն․․․՚։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Ս․ Գրային ընթերցումներ կատարեցին Նուրհան Աւագ Սրկ․ Իփէքճեան (Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաքելական եկեղեցի), Տիգրան Գալայճեան (Ատենապետ Հայ․ Աւետարանական եկեղեցւոյ), Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեան (Հովիւ Հայ Կաթողիկէ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ) եւ Սարգիս Սրկ․ Կիտանեան (Ս․ Աստուածածին Հայց․ Առաք․ եկեղեցի):

Յայտագիրը շարունակուեցաւ հոգեւոր եւ դասական երգերով կատարողութեամբ՝ ՙՆայիրի՚ հայ երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Վազգէն Գալճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Յովսէփեանի: Երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց “Լռեց ամպերը եկան” խօսք՝ Ռ․ Պատկանեան, երաժշ․ Ն․ Շահլամեան, “Նորահրաշ պսակաւոր”, Վարդանանց Շարական,  “Ով Հայոց աշխարհ”, խօսք Ս․ Տարոնցի երաժշª․ Մ․ Եկմալեան, “Տէր Կեցոյ” Շարական, “Հիմի էլ լռենք”՝ Գամառ Քաթիպա, “Արփա Սեւան” երժշ․․՝ Է․ Յովհաննէսեան, “Երգ բարեկամութեան” երժշ․ Ճ․ Քօզալեան, “Ազգ Փառապանծ” խօսք՝ Աշոտ Գրաշի երժշ․ Առնօ Բաբաջանեան եւ “Հայրենիքիս հետ” խօսք՝ Յ․ Թումանեան, երժշ՝ Ալ․ Յարութիւնեան:

Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին երգչախումբի ելոյթը:

Միջյարանուանական Մարմնի Ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան հանդէս եկաւ փակման խօսքով, յայտնելով, թէ սոյն հանդիսութենէն որոշ առաքելութեամբ կը բացակայէին  Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Տ․ Զարեհ Աւագ Քհնյ․ Զարգարեան, որ մեկնած էր Հայաստան եւ Ս․ Աստուածածին Հայ․ Առաք․ եկեղեցւոյ հովիւ Տ․ Գեղարդ Ծ․ Վրդ․ Քիւսպէկեան, որ մեկնած էր մայրավանք Անթիլիաս,  շարունակելով իր խօսքը ան ըսաւ․ “Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց” կարգախօսով լիցքաւորուած ողջ հայութիւնը այսօր դարձեալ եկեղեցական եւ դպրոցական հանդիսութիւններով տօնախմբեց քրիստոնէական հաւատքին եւ Հայաստան աշխարհին համար մեծ ու սրբազան պայքար մղած ու նահատակուած հերոսներու անմոռաց յիշատակը: Սրբոց Վարդանանցի յիշատակին նուիրուած այս օրը եկէք վերածենք ճշմարիտ պատգամի մը եւ մեր նախնիներու ապառաժեայ հաւատքն ու անհատնում սրբութիւնները անջնջելի կնիքով դրոշմենք գալիք սերունդներու հոգիներուն մէջ, վերածելով զանոնք արժանավայել ժառանգորդները Վարդանանց սրբացած նահատակներուն:

Մենք վստահ ենք, որ Վարդանանց հերոսապատումի փայլատակումը մեր գաղութի կեանքին մէջ իր ուրոյն հետքը ձգելու կողքին« մղիչ ուժ պիտի դառնայ նաեւ մեր ազգի գոյութեան աննահանջ երթը շարունակելու եւ քրիստոնէական հաւատքին համար նուիրաբերուած սրբոց Վարդանանքի  ՙմահ իմացեալ անմահութեան՚ ժառանգը դրոշմելու հայոց նորահաս սերունդի հոգիին մէջª որպէս քրիստոնէական հաւատքի անջնջելի եւ յաւերժական կնիք․․․՚:

Խօսքի աւարտին, Միջյարանուանական Մարմնի անունով ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Հայ Կաթողիկէ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեանին եւ հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ Կանանց Յանձնախումբին, ՙՆայիրի՚ Թորոնթոյի Հայ Երգչախումբի ղեկավար Վազգէն Գալճեանին, երաժշտագէտ՝ Տիկին Սոնա Յովսէփեանին, երգչախումբի վարչական պատասխանատուներուն եւ երգիչ-երգիչուհիներուն, որոնց սիրայօժար մասնակցութիւնը յատուկ փայլք տուաւ Վարդանանց Տօնակատարութեան ձեռնարկի յաջողութեան:

Յաջորդաբար ՙԱղօթք Ի Տօն Մարտիրոսաց՚ը ընթերցեցին ներկայ հոգեւորականները:

Հայր Եղիա Ծ․Վրդ․ Քիրէջեանի եւ Վեր․ Եսայի Սարմազեանի ՙՊահպանիչ՚ով, հաւաքական Տէրունական աղօթքի եւ Հայաստանի Քայլերգի երգեցողութեամբ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: