«Օրորա»ն Կրթաթոշակ Պիտի Տրամադրէ Ամերիկեան Համալսարանի Ուսանողներուն


«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը` Scholae Mundi Armenia հիմնադրամի հետ համատեղ, կրթաթոշակներ պիտի տրամադրէ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն, որոնք Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի քաղաքացիներ են:

IdeA հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` կրթաթոշակային ֆոնտը կը կազմէ $ 1 միլիոն:

«Հայաստան ունի միջազգային կրթական կեդրոն դառնալու ներուժ, եւ մենք կը խրախուսենք Միջին Արեւելքի երկիրներէն երիտասարդներուն գալու եւ կրթութիւն ստանալու Հայաստանի մէջ: Այս կրթաթոշակը հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռնէ այն տաղանդաւոր երիտասարդներուն, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն տուժած են տարածաշրջանին մէջ ընթացող պատերազմներէն: Մենք կը հաւատանք, որ այն ոչ միայն ազդեցութիւն պիտի ունենայ այս երիտասարդներուն վրայ, որոնք պիտի վայելեն Հայաստանի հիւրասիրութիւնը եւ պիտի ստանան որակեալ կրթութիւն, այլեւ պիտի հարստացնէ Ամերիկեան համալսարանի համայնքն օտարերկրացի եռանդուն ուսանողներով, որոնք յետագային պիտի դառնան Հայաստանի եւ անոր մշակոյթի դեսպանները աշխարհի մէջ: Այսպիսով` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ոչ միայն անհատական կրթաթոշակներ կը տրամադրէ, այլեւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այն ժողովուրդներուն, որոնք առաջինն էին, որ իրենց դռները բացին եւ օգնութեան ձեռք մեկնեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն», ըսած է Scholae Mundi Armenia հիմնադրամի համահիմնադիրը Վերոնիքա Զոնապենտ:

«Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը չափազանց երախտապարտ է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան, եւ մասնաւորապէս` Ռուբէն Վարդանեանին ու Վերոնիքա Զոնապենտին, որոնք ոչ միայն Հայաստանի մէջ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կու տուն Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ փախստականները հիւրընկալած ժողովուրդներուն, այլեւ Ամերիկեան համալսարանին վստահած են այդ ուսանողներուն կրթութիւն տալու գործը: Անոնց ներկայութիւնը մեր համալսարանին մէջ պիտի նպաստէ բազմազանութեան ապահովման եւ կը հարստացնէ բոլոր ուսանողներու առօրեան: Մենք հպարտ ենք` դառնալով այս նախաձեռնութեան մէկ մասը եւ մեր կրթական ծրագիրներով երախտագիտութիւն յայտնելով այն ժողովուրդներու ժառանգներուն, որոնք օթեւան տուած են հայերուն իրենց պատմութեան ամենաողբերգական օրերուն», նշած է Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան:

Ուսանողները կրթաթոշակ պիտի ստանան իրենց ուսումնառութեան ամբողջ ընթացքին, եթէ ունենան ակադեմիական բարձր առաջադիմութիւն: Կրթաթոշակը նախատեսուած է ուսման վարձը, ճանապարհածախսը եւ կեցութեան ծախսերը հոգալու համար:

Կրթաթսշակը պիտի տրամադրուի մինչեւ 2023 թուականը: