«Ֆիզիքական Մեկուսացում» Եւ Ոչ Թէ՝ «Ընկերային Մեկուսացում»


Տոքթ. Ա­նի Հա­սըր­ճեան

Անց­նող քա­նի մը ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին պսա­կա­ձեւ ժահ­րի եւ Covid-19 հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­ցած հա­մա­ճա­րա­կը հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար ե­ղած է ա­ռօ­րեայ մտա­հո­գու­թիւն եւ տագ­նապ։ Պսա­կա­ձեւ ժահ­րի յայտ­նա­գործ­ման ա­ռա­ջին օ­րէն ի վեր աշ­խար­հի վրայ վա­րա­կո­ւող­նե­րու թի­ւը օ­րէ օր ա­ւել­նա­լով` ներ­կա­յիս 6 մի­լիո­նը ան­ցած է, մա­հե­րու թի­ւը մօ­տե­ցած 400 հա­զա­րի եւ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը կը տա­ռա­պի այս լուրջ հա­մա­ճա­րա­կի ան­սանձ տա­րա­ծո­ւե­լէն։ Հոս կ­՛ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել բո­լոր բժիշկ­նե­րուն եւ անձ­նո­ւի­րա­բար ծա­ռա­յող բո­լոր ան­հատ­նե­րուն հա­մա­ճա­րա­կը կա­սեց­նե­լու ի­րենց  ճի­գե­րուն հա­մար:

Պսա­կա­ձեւ ժահ­րին պատ­ճա­ռով ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճա­կին հետ դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւինք բո­լորս` Հա­մայն­քա­յին Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան խոհր­դա­տու­նե­րու կող­մէ տրո­ւած` «Տու­նը Մնա՛» «Ա­պա­հով Մնա՛» եւ «Ա­ռողջ Մնա՛» յոր­դոր­նե­րով։ Այ­սօր ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րէ ա­ւե­լի շեշ­տա­կի կը դառ­նայ իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար ա­ռողջ մնա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ հե­տե­ւե­լով կան­խազ­գու­շաց­ման եւ կան­խար­գիլ­ման ցուց­մունք­նե­րուն։

«Ինք­նա­մե­կու­սա­ցու­մը» հա­մա­ճա­րա­կը չտա­րա­ծե­լու կ­’օ­ժան­դա­կէ եւ երբ բո­լորս հլու-հնա­զանդ ըլ­լանք վե­րո­յի­շեալ յոր­դոր­նե­րուն, իւ­րա­քան­չիւրս մեր կար­գին կը նպաս­տենք հա­մայն­քա­յին  ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան։

Բո­լորս ա­ռօ­րեայ տխուր լու­րե­րով ո­ղո­ղո­ւած, վստա­հա­բար կ­’ազ­դո­ւինք հա­մա­ճա­րա­կի պատ­ճա­ռով պար­տադ­րո­ւած ֆի­զի­կա­կան մե­կու­սաց­ման ի­րա­վի­ճա­կէն։ Այս կրնայ տար­բեր ձե­ւե­րով հո­գե­բա­նա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի հա­մար։ Ես կը նա­խընտ­րեմ «ֆի­զի­քա­կան մե­կու­սա­ցում» ա­նո­ւա­նել այս ե­րե­ւոյ­թը քան՝ «ըն­կե­րա­յին մե­կու­սա­ցում»։ Անձ­նա­պէս, անց­նող 2-3 ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին շատ ա­ւե­լի ըն­կե­րա­յին շփման մէջ ե­ղած եմ մեծ թի­ւով բա­րե­կամ­նե­րու, հա­րա­զատ­նե­րու, գոր­ծըն­կեր­նե­րու եւ դի­մա­տետ­րի ըն­կեր­նե­րու հետ, ո­րով­հե­տեւ նա­խա­հա­մա­ճա­րա­կի շրջա­նին, գոր­ծով բազ­մազ­բաղ ըլ­լա­լով, ժա­մա­նակ  չու­նէի եւ այս­քան տա­րո­ղու­թեամբ չէի օգ­տո­ւեր Հա­մա­ցան­ցի Zoom, Skype եւ այլ հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րէն։ Ա­մէն ա­ռա­ւօտ փառք կու տամ ար­հես­տա­գի­տու­թեան, որ հա­մա­կար­գի­չով կ­’ար­տօ­նէ շա­տե­րու կա­րո­ղա­նալ ի­րենց գոր­ծե­րը տու­նէն շա­րու­նա­կե­լու, ա­շա­կերտ­նե­րուն դպրո­ցա­կան դա­սըն­թացք­նե­րը ո­րոշ չա­փով «հե­ռա­կայ» սեր­տե­լու եւ այս­պի­սով՝ կեան­քը ամ­բող­ջու­թեամբ չան­դա­մա­լու­ծե­լու։

Իմ պա­րա­գա­յիս՝ որ­պէս ա­տամ­նա­բոյժ կա­րե­լի չէր աշ­խա­տիլ բա­ցի իբ­րեւ «Հե­ռա­ձայ­նա­յին Ա­տամ­նա­բու­ժու­թեամբ Շտա­պօգ­նու­թիւն» (Tele Dentistry for Emergencies): Պար­տա­դիր մե­կու­սա­ցու­մի ա­ռա­ջին օ­րէն ըն­տա­նի­քիս ան­դամ­նե­րուն կա­տա­կով յայ­տա­րա­րե­ցի «Doctor օf Dental Surgery» (DDS) տիտ­ղո­սը կը փո­խա­րի­նեմ ու­րիշ DDS-ով մը՝ «Dan Digin Sevices»-ով,  «Տան Տիկ­նոջ Ծա­ռա­յու­թիւն­ներ»ով: Մեծ հա­ճոյ­քով խո­հա­նո­ցին մէջ ժա­մեր անց­նե­լով կը ջա­նամ ժա­մա­նակ պա­հան­ջող Հայ­կա­կան ճա­շեր պատ­րաս­տել, ան­ցեա­լին յա­ճախ զլա­ցած ըլ­լա­լու «մեղքս քա­ւե­լու» հա­մար։ Նաեւ ժա­մա­նա­կա­ցոյցս խիստ խճո­ղո­ւած է օ­րա­կան քա­նի մը Dental Webinar-նե­րու, Medical Town Hall-երու, ժո­ղով­նե­րու եւ այլ յայ­տա­գիր­նե­րու հե­տե­ւե­լով։ Հայ­կա­կան ա­ռա­ծի բա­ռե­րով «գլուխս քե­րե­լու ժա­մա­նակ չու­նիմ» եւ չեմ հաս­նիր օ­րո­ւայ ը­նե­լիք­նե­րուս ցան­կը ամ­բող­ջաց­նե­լու, սա­կայն կը զար­մա­նամ, երբ լսեմ ո­մանք կը ձանձ­րա­նան։ 

Կի­րա­կի օ­րե­րուն, մէկ ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խե­լու փո­խա­րէն քա­նի մը ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պատ­գամ­նե­րուն ու պա­տա­րագ­նե­րուն հա­մա­ցան­ցով կը հե­տե­ւիմ. ա­նոնք բո­լո­րը «մեր տու­նը կու գան եւ կ­’օրհ­նեն»։ Ես կ­՛անճր­կիմ, ե­թէ նոյն ժա­մուն են, ո­րու՞ն­ ամ­բող­ջու­թեամբ կրնամ հե­տե­ւիլ՝ Հա­յաս­տա­նէն ա­պա Լի­բա­նա­նէն, Ա­րե­ւե­լեան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Գա­նա­տա­յէն դէ­պի Ա­րեւմ­տեան Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ե­ւ այլն։

Միայն կա­րե­լի է դար­ձեալ փառք տալ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան եւ հա­ղոր­դակ­ցա­կան ար­դի մի­ջոց­նե­րուն հա­մար։ Ա­մէն ա­ռա­ւօտ, հե­ռա­տե­սի­լի տե­ղա­կան լու­րե­րու կող­քին, Հա­յաս­տա­նի« Լի­բա­նա­նի եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ այլ նո­րու­թիւն­նե­րը կար­դալ եւ ունկնդ­րել հա­մա­ցան­ցի վրայ ա­ռա­ւե­լու­թիւն է, սա­կայն ա­մէ­նու­րէք եւ մա­նա­ւանդ Հայ­րե­նի­քի տագ­նա­պա­լի վի­ճա­կը կ­’ազ­դէ մեր վրայ։ Լա­ւա­տե­սու­թեամբ, դրա­կան կե­ցո­ւած­քով մեր նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ զօ­րա­վիգ կանգ­նինք մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն եւ իս­կա­կան Հայ Քրիս­տո­նէա­կան մեր հա­ւատ­քով ա­ղօ­թենք մեր Հայ­րե­նի­քի եւ հա­մայն աշ­խար­հի բա­րօ­րու­թեան հա­մար։

Ա­տամ­նա­բոյժ Տոքթ. Ա­նի Հա­սըր­ճեան կը բնա­կի եւ կը գոր­ծէ Թո­րոն­թո­յի մէջ: Իր ա­զատ ժա­մե­րուն, ան հա­մայն­քի գոր­ծիչ եւ ղե­կա­վար է: