Պէթթի Փանոսեան Մինասեան
Ամեակներու նշումը պատեհ առիթներ են վերյիշելու, արժեւորելու եւ կրկին անգամ գնահատելու տուեալ առիթին անհրաժեշտութիւնը անհատի կամ՝ հաւաքականութեան կեանքէն ներս: Իսկ երբ նշուած ամեակը կ՛առնչուի հայրենիքի անկախութեան՝ հպարտութեան ու ոգեւորութեան զգացումները կը պարուրեն հոգիներն ու մտքերը:
Հայ ժողովուրդին համար Սեպտեմբեր ամիսը առաւե՛լ կերպով կ՛իմաստաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի անկախացման զոյգ ամեակներու նշումով:
Այս տարի եւս երիտասարդ մեր Հայրենիքի անկախացման նշումը հայ ազգի զաւակները տօնեցին Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի տարածքներուն:
Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, թորոնթոհայութիւնը տօնակատարեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան 25ամեակը, հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ Արմէն Եգանեանի:
Նախքան հանդիսութիւնը, տեղի ունեցաւ զոյգ դրօշներու օրհնութիւն՝ Հայ Կեդրոնի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք, ներկաները ուղղուեցան «Համազգային» թատերասրահ, ուր համախմբուած էին ՀՀ դեսպանը, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ խուռներամ բազմութիւն մը: Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի Օրհներգներու ունկնդրութենէն ետք, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ նուագակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննիսեանի, արհեստավարժ կատարողութեամբ ներկայացուց հայրենիքի նուիրուած երեք երգեր:
Հանդիսավար՝ Խաժակ Գուլաճեան, Անկախութեան տօնին առթիւ ողջունելէ ու շնորհաւորելէ ետք ներկաները, յետադարձ ակնարկով կամրջեց 1991ի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումն ու Արցախի անկախութիւնը՝ 1918ի Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակով ձեռք բերուած Առաջին Անկախութեան: Ան առաջնահերթ նպատակ համարեց Արցախի վերադարձն ու միացումը Մայր Հայաստանին: Ինչպէս նաեւ մատնանշեց Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին անքակտելի կապը Անկախութեան 25ամեակի իրողութեան հետ: Հանդիսավարը, անկախ պետականութիւն ունենալը արժանապատիւ հպարտութիւն համարելով մէկտեղ, լուսարձակի տակ առաւ նաեւ՝ Մայր Հայրենիքէն ներս տիրող յոռի երեւոյթները, զանոնք համարելով «աւելի կործանարար, քան արտաքին թշնամին»: Ան արդարօրէն հաստատեց, որ Արցախեան հարցի լուծումը կը կայանայ խաղաղ բանակցութեանց ճամբով, եւ ազատագրուած ո՛չ մէկ տարածք զիջումի ենթակայ կրնայ ըլլալ:
Անդրադառնալով Սփիւռքի դերակատարութեան, ընկ. Խաժակ անգամ մը եւս յիշեցուց անոր ստանձնած պատասխանատու դերակատարութիւնը հայկական պետականութեան հաստատման մէջ, որուն սահմաններուն պաշտպանութիւնը ապահովելը նկատեց համահայկական առաջնահերթ պարտականութիւն:
Բանախօս՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, հակիրճ ներածականով մը նախ անդրադարձաւ ընկերային- բարոյական համակարգի տարբեր արժեչափեր ունեցող ժողովուրդներու մօտ` անկախութեան ձգտումի առկայութեան: Ապա, կարկինը լայն բանալով, ան հաստատեց, որ հակառակ պատմութեան ընթացքին մեզի բաժին ինկած պատուհասներուն, այսօր դարձեալ մեզի վիճակուած է տօնել մեր դիմադրականութեան, եւ անկոտրում կամքի տօնը: Ակնարկելով Սարդարապատի Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապրանի ճակատամարտերու յաղթանակներուն, Թիւֆէնքճեան նշեց, որ անոնք հիմնաքարը հանդիսացան մեր ժողովուրդի գոյատեւման, մէջբերելով, որ նոյնիսկ եօթը տասնամեակներ շարունակուած խորհրդային լուծը չկրցաւ մեզ անհետացման վտանգին ենթարկել£ Հակառակ հայրենիքէն ներս յամեցող կարգ մը դժուարութիւններուն, հպարտութիւն առթող երեւոյթները ակնարկելով, յարգելի բանախօսը թուարկեց կարգ մը դրական իրողութիւններ, ինչպէս՝ Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմին ընթացքին սահմաններու պաշտպանութիւն՝ շնորհիւ մեր հզօր ու մարտունակ բանակին, Սփիւռք-Հայրենիք համագործակցութիւն, տնտեսական համեմատական աճ, մարզական եւ զբօսաշրջութեան բնագաւաներէ ներս քաջալերական ձեռքբերումներ: Ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային հաւասարութեան չգոյութեան եւ այլ յոռի երեւոյթներու՝ բանախօսը ընդգծեց, թէ ղեկավարներու լարուած ճիգերով եւ ճշգրիտ ախտաճանաչումով կարելի է հարթել զանոն, իրականացնելով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը:
«Հորիզոն» պարտկերասփիւռի կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցադրութեամբ, ներկաները անգամ մը եւս առիթ ունեցան առնչուելու պատմական մեծ արժէք ներկայացնող՝ 1991 թուականի Սեպտեմբեր 21ին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան առթիւ ընթերցուած Պետական Հռչակագրին:
Անառարկելի ճշմարտութիւն է, որ ՀՀ Անկախութեան 25ամեակի նշումը գաղափարի, տեսլականի ու ապագայի նկատմամբ յուսալի նպատակներ հետապնդող երեւոյթ ըլլալու կողքին, նաե՛ւ տօնական տրամադրութիւն ու մթնոլորտ ստեղծող առիթ է. հետեւաբար՝ հայկական պարը, երաժշտութիւնն ու ասմունքը, որպէս գեղարուեստական անբաժան մէկ մասնիկը տուեալ հանդիսութեան, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս, երբ խումբ մը պարման պարմանուհիներու կատարողութեամբ, մէջ ընդ մէջ ելոյթ ունեցան Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Սասուն» եւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբերը, գեղարուեստական ղեկավարներ ունենալով՝ Սեւակ Աւագեանն ու Լոռի Նաճարեանը: Ներկաները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին Սարին Փոլատեանի ոգեշնչող ասմունքն ու Վրէժ Ղազարեանի երաժշտական կատարումը:
Վերջին բաժինով հանդէս եկաւ դեսպան Եգանեան, որ արժեւորելով Առաջին Հանրապետութեան դերը, շեշտեց, որ ան ստեղծուած էր մեր ազգի ամենածանր օրերուն, երբ 700 տարիներ պետականութենէ զուրկ մնալէ ետք, համտեսած էինք նաեւ ցեղասպանութեան դառն փորձութիւնը: Սակայն, որպէս ազգ, մէկ բռունցք դարձած՝ կրցած էինք ստեղծել Առաջին Հանրապետութիւնը, որ թէեւ շատ կարճ տեւողութեամբ՝ սակայն ուսանելի փորձառութիւն ու գիտելիք ապահոված էր, հիմք ծառայելով՝ 2-րդ Հանրապետութեան ստեղծման: Ինչպէս որեւէ նորաստեղծ երիտասարդ պետութիւն, յարգելի դեսպանը ընդգծեց, որ Հայաստանն ալ ունի տակաւին հարթելի ճանապարհ, ունի խնդիրներ, սակայն, ակնյայտ է նաեւ անոր ձեռք բերած յառաջխաղացը. ան հաստատեց, որ իբր երիտասարդ երկիր, կը գտնուինք ճիշդ ուղիի վրայ: Խօսքը ուղղելով սփիւռքահայութեան, ան փափաք յայտնեց, որ Սփիւռքը աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն ունենայ Հայաստանի կեանքէն ներս, ո՛չ միայն նեցուկ կանգնելով աղէտներու ընթացքին, այլ՝ տիրոջ իրաւունքով՝ մասնակից դառնայ հայրենիքի ապագայի կառուցման՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս: Ան արդարօրէն նշեց, որ այսօր Հայաստանի 25 տարիներու ձեռք բերած անկախութիւնը արդիւնքն է Հայաստան Արցախ Սփիւռք փոխ գործակցութեան:
Հանդիսութեան աւարտին, դեսպանի ձեռամբ, թիւով 10 թորոնթոհայ ազգակիցներ պարգեւատրուեցան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ուղարկուած շնորհակալագրերով՝ եւ ՀՀ Դեսպանատան կողմէ տրուած պատուոյ գիրերով, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու 100րդ տարելիցի աշխատանքները համակարգելու ուղղութեամբ տարած իրենց արդիւնաւէտ աշխատանքին առթիւ:
Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ հանդիսավարի եզրափակիչ մտքերով, ուր շեշտը դրուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ թորոնթոհայաութեան յարատեւ թեւ ու թիկունք կանգնելու եւ բարգաւաճ երկիր կառուցելու հաստատ որոշման վրայ:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Պահպանիչով: