Հայկ Ճըլտըրեան (1917 Եգիպտոս– 2014 Թորոնթօ)
Անահիտ Ճըլտըրեան (1934 Եգիպտոս– 2016 Թորոնթօ)
Արշօ Զաքարեան
Հաﬕտեան անողորմ հալածանքներէն փախուստ տալով՝ Ճըլտըրեան, Թումայեան եւ ուրիշ Շապին Գարահիսարցի ընտանիքներ, 20րդ դարու սկիզբը, ետին թողելով իրենց ինչքերը եւ ընտանեկան կապերը ապաւէն գտան Եգիպտոսի զանազան փոքր քաղաքներու մէջ:
Եղբայր Հայկ Ճըլտըրեան ծնած է Թանթա, Եգիպտոս: Յաճախած է Ֆրանսական դպրոց£ Սկսած է գործի՝ թարգմանելով դատական օրինական թուղթեր, ապա Աղեքսադրիոյ Barclay դրամատունը, ուր աշխատած է 23 տարիներ, ﬕնչեւ Գանատա գաղթելը:
Ընկերուհի Անահիտ Թումայեան Ճըլտըրեան ծնած է Տամանհուր, Եգիպտոս: Հաճախած է Անգլիական եւ Ֆրանսական դպրոցներ£ 1955ին, 21աﬔայ Անահիտը քաջութեամբ կ’ամուսնանայ այրի Հայկ Ճըլտըրեանին հետ եւ անոր երկու աղջիկներուն 8աﬔայ Արտեﬕսին եւ 2աﬔայ Սոնիային կը դառնայ գուրգուրացող եւ հետեւող մայր: Իր բազմակողմանի տաղանդները ձեռագործի, հիւսկի, արուեստի, խոհանոցի փոխանցած է անոր աղջիկներուն:
Ճըլտըրեան ամոլը կ’ունենան Արան, որ կը դառնայ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը£ 1963ին անոնք կը գաղթեն Գանատա եւ կը հաստատուին Թորոնթօ: Երկուքն ալ իրենց լեզուներու գիտութիւնը եւ կարողութիւնը կը գործածեն իրենց գործերուն մէջ£ Եղբայր Հայկ եղած է Թորոնթոյի ՀՄԸՄի առաջին ատենապետը£ Ան իր գործելակերպով հաﬔրաշխութիւն եւ նուիրում ներշնչած է ՀՄԸՄի եղբայր- քոյրերուն: «Բարձրացիր Բարձրացուր» ՀՄԸՄի նշանաբանը իւրացուցած է իր ազգային եւ ընտանեկան կեանքին մէջ: Իր զուաճախօսութեամբ դրական մթնոլորտ ստեղծած է: Հայկ եւ Անահիտ Ճըլտըրեան ամոլը իրար հետ գործակցած են ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի ձեռնարկները յաջողցնելու համար: Իրենց նպաստը դրած են, որ Հայ Կեդրոն ըլլայ հաստատուն, ջերմ եւ հայաշունչ, թէ առաջին կեդրոնին՝ Տիւփոն փողոցի, եւ յետագային Հոլքրաունի մէջ:
Փոքր օրինակ մը. ՀՄԸՄի կազմաւորման առաջին օրերն է: Սկաուտները տողանցքի պիտի մասնակցին: Յանկարծ կ’անդրադառնան, որ սկաուտները յատուկ փողկապներ չունին եւ ժամանակ չկայ: Եղբայր Հայկ կը դիմէ իր կնոջ Անահիտին: նեքնայարկի փինկ փոնկի սեղանը կը վերածեն աշխատանոցի: Ընկերուհի Անահիտ եւ իր աղջիկները ﬕնչեւ առաւօտ կը ձեւեն, կը թելակարեն, կը կարեն, կ’արդուկեն եւ կը հասցնեն հայ սկաուտներուն, որպէսզի հպարտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ տողանցքին մասնակցին:
Հայկին օրինակով, իր աղջիկները Արտեﬕսը եւ Սոնան խմբապետուհիներ եղան, Արան Սկաուտական շարքերը անցաւ: Անահիտ վարած է ՀՕՄի վարչական պատասխանատւութիւններ, տօնավաճառի եւ այլ յանձնախումբերու մէջ դրած է իր յատուկ դրոշմը: Իր լեզուներու կարողութեամբ եւ ձեռային արուեստի տաղանդով իր ներդրումը ունեցած է, իսկ հեզահամբոյր նկարագիրով գործակցած է տարբեր ընկերուհիներու հետ£ Բոլորէն սիրուած էր անկեղծ ժպիտով եւ անոյշ խօսքով այս ընկերուհին: Աւելի քան 50 տարիներ անդամակցած է ՀՕՄին:
Esther Bryan անունով Գանատացի մը գաղափարը կ’ունենայ quiltի վրայ Գանատայի բոլոր ազգային խմբակներուն մշակութային աշխատանքը կազﬔլ: ՀՕՄին ալ կը դիմէ£ Արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանը կը գծէ նախագիծը: Այդ փոքր քառակուսի կտորին վրայ Ճըլտըրեան հայկական զանազան ձեռագործներու ձեւերով իրականացուց Հայկական եկեղեցիի գմբէթը, խաչը, ԱԲԳ տառերը եւ Արարատը, իսկ շրջանակեց խաղողի տունկերով եւ տերեւներով: Quilt of Belonging կը կոչուի այս հսկայական աշխատանքը, կը ցոլացնէ 150 ազգային խմբակներ եւ Գանատան կը ներկայացնէ իր բազմամշակութային երեսով£ 6 տարիներ առած է ﬕնչեւ վերջացած է այս140 ոտք լայնքով եւ 12ոտք հասակով գլուխ գործոցը: Գանատայի մէկ ծայրէն ﬕւսը փոխադրուած եւ ցուցադրուած է: Այժմ Օթթաուայի պատմական թանգարանին մէջ է: Անահիտին ձեռային տաղանդը արժանի իբրեւ հիացմունքի առարկայ թանգարանի մէջ ըլլալու£ Ուշադրութեամբ գործուած փոքր քառակուսին կը ներկայացնէ ﬔր մշակոյթի զանազան կողﬔրը:
2004ին անոնք իրենց զաւակը՝ Արան, կորսնցուցին խլիրդէն: Երկուքին ալ ﬔծապէս ցնցեց այս կանխահաս մահը: Հայկը անհամբեր սպասեց իր ﬕւս աշխարհ երթալու «արտօնագրին»: Անահիտը վերջին 6 տարիներուն տառապեցաւ Alzheime։ հիւանդութիւնէն:
Իրենց դուստրերը Արտեﬕսը եւ Սոնան, թոռնիկները Լորան եւ Մայքըլը, ծոռները Լիլին եւ Անիան պիտի յիշեն իրենց ծնողքին սէրը, գուրգուրանքը եւ ընտանեկան մթնոլորտը: Իսկ ՀՄԸՄականները պիտի յիշեն այս հիﬓադիր զոյգին անվախ եւ անսակարկ նուիրումը: Այժմ երկուքն ալ ﬕացած են Արային եւ ուրախ ու գոհ են տեսնելով ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի շարքերուն վերելքը եւ շարունակական նուաճուﬓերը: