Վե­րա­դարձ Հա­րա­զատ Քե­սապ


Սե­ւան Ճ. Ա­բէ­լեան


Ո­րո­շած էի Քե­սապ եր­թալ: Քա­նի մը տա­րի­նե­րէ ի վեր չէի գա­ցած պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով: Բա­ցա­կա­յու­թիւնս եր­կար տե­ւած էր:

Երբ սկսայ բա­րե­կամ­նե­րուս ը­սել` «Քե­սապ պի­տի եր­թամ», ա­մէն մէ­կը բան մը ը­սաւ. «Ի՞նչ ­կայ այս կա­ցու­թեան, ի՞նչ ­գործ ու­նիս, հա­պա՞ ե­թէ բան մը պա­տա­հի հոն ե­ղած ժա­մա­նակդ, ի՞նչ ­պի­տի ը­նես»:

Ո­րո­շումս յստակ էր. եր­թալ: Աս­տու­ծոյ վստա­հե­լով` ճամ­բայ ե­լայ: Ու­րա­խու­թիւնս ան­սահ­ման էր: Վեր­ջա­պէս պի­տի տես­նէի հա­րա­զատ­ներս, բա­րե­կամ­ներս եւ վա­յե­լէի Քե­սա­պի գե­ղե­ցիկ բնու­թիւ­նը: Ար­դէն իսկ բա­ցո­ւած էր այն ճամ­բան, որ քա­նի մը տա­րի­նե­րէ ի վեր գոց էր: Այդ ճամ­բա­յէն շա­տեր գա­ցած են Քե­սապ` օ­դա­փո­խու­թեան, բա­նա­կու­մի, հա­մա­գու­մա­րի կամ վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան հա­մար:

Երբ մօ­տե­ցանք Տիւ­զա­ղա­ճին, որ Քե­սա­պի ա­ռա­ջին գիւղն է, ճպուռ­նե­րը ի­րենց ձայ­նե­րով կը խան­գա­րէին բնու­թեան խա­ղա­ղու­թիւ­նը:

Հա­սանք Քոր­քիւ­նէ. ի­րենց տե­ղերն էին` գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին, տու­նե­րը, աղ­բիւ­րը: Հոն էր գիւ­ղա­ցի­նե­րուն մեծ մա­սը: Ա­մէն մարդ սկսած էր հո­գալ իր պար­տէզ­նե­րը: Մար­դիկ յոյ­սով լե­ցո­ւած են, ու­րախ են, որ վե­րա­դար­ձած են ի­րենց հայ­րե­նի գիւ­ղը, ուր ապ­րած են ի­րենց ծնող­նե­րը, մեծ հայ­րերն ու մեծ մայ­րե­րը:

Քե­սա­պի մէջ կարգ մը վա­ճա­ռա­տու­ներ ար­դէն իսկ բա­ցած են ի­րենց դռնե­րը: Ներ­կա­յիս մար­դիկ Հինգ­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օ­րե­րը Քե­սապ կ­՛ել­լեն օ­դա­փո­խու­թեան հա­մար: Ո­մանք տուն վար­ձած են ամ­րան հա­մար: Ու­րիշ­նե­րու տու­նե­րը քան­դո­ւած են եւ կամ պա­տե­րազ­մի շրջա­նի մէջ են, եւ Քե­սապ կ­՛ապ­րին ձմեռ թէ ա­մառ:

Գիւ­ղա­ցիք ի­րա­րու կ­՛ը­սէին. «Այս տա­րի Աս­տո­ւա­ծած­նայ տօ­նին բա­ւա­կան մարդ ե­կած էր: Շուրջ տա­սը տա­րի­նե­րէ ի վեր այս­չափ ե­ռու­զեռ չէր ե­ղած»:

Ո­մանք սկսած էին Գա­րա­տու­րան ծով եր­թալ:  Այ­լեւս կրնա­յին մին­չեւ վար` ծո­վե­զերք հաս­նիլ, ուր շրջան մը ար­գի­լո­ւած էր: Մենք ալ հա­սանք ծով` դի­տե­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ գե­ղե­ցիկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը: Ամպ չկար այդ օ­րը եւ հե­ռո­ւէն կ­՛ե­րե­ւէր Մու­սա Լե­ռը, որ յա­ճախ մշու­շին մէջ կոր­սո­ւած կ­՛ըլ­լար: Կը դի­տենք ծո­վը, որ կար­ծես միա­ցած էր եր­կին­քին: Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը զգաս այդ բնու­թեան մէջ: Երբ վե­րա­դար­ձի ճամ­բան բռնե­ցինք մեր դի­մաց ե­լան խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, ո­րոնք Հա­լէ­պէն ե­կած էին Քե­սապ եւ ի­րենց օ­րը պի­տի ան­ցը­նէին Գա­րա­տու­րա­նի ծո­վը` լո­ղա­լով:

Կը հան­դի­պիմ բա­րե­կամ­նե­րու, ո­րոնք մեծ ե­ռան­դով կ­՛ե­փէին լո­լի­կի ու պղպե­ղի մա­ծուկ եւ նու­ռի թթու: Պի­տի ծա­խեն, որ­պէս­զի կա­րե­նան ի­րենց ձմրան ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վել: Յոյ­սով են, որ յա­ջորդ գար­նան եւ ամ­րան ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լան: Պի­տի կա­րե­նան ի­րենց հին օ­րե­րուն դառ­նալ: Իսկ Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջը կամ Հոկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը «փրփուր» կ­՛ե­փեն, որ կը պատ­րաս­տեն խա­ղո­ղի հիւ­թէն եւ ռուպ կը պատ­րաս­տեն: Իսկ ռու­պին վրա­յի փրփու­րը դափ­նիի տե­րե­ւով կ­՛ու­տեն: Այդ ժա­մա­նակ մար­դիկ կը հա­ւա­քո­ւին ի­րա­րու քով եւ «քէֆ» կ­՛ը­նեն: Իս­կա­պէս հիա­նա­լի ա­ռիթ մըն է:

Ար­դէն իսկ դպրոց­նե­րը կը պատ­րաս­տո­ւին ի­րենց դռնե­րը բա­նա­լու նոր տա­րեշր­ջա­նի մը հա­մար: Ա­շա­կերտ­նե­րը խան­դա­վառ են: Մեծ ե­րազ­ներ ու­նին:

Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կի­նե­րը ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած ա­մէն Աս­տո­ւա­ծած­նայ տօ­նին ա­ռի­թով ի­րենց ձե­ռա­գոր­ծի եւ ա­նու­շե­ղէ­նի պա­զա­րը դար­ձեալ կազ­մա­կեր­պած էին տօ­նի նա­խօ­րեա­կին:

Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը, ո­րոնք փճա­ցած էին ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ, փո­խա­րի­նո­ւե­ցան նոր զան­գե­րով:

2016ի ձմրան Հա­մազ­գա­յի­նի «Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին թատ­րոն մը «Մի­լիո­նա­տէր ե­ղանք, մի­լիո­նա­տէր», ո­րուն հե­ղի­նակն է գիւ­ղի զա­ւակ­նե­րէն` Գ. Ա­բէ­լեան: Բե­մադ­րու­թեամբ` Սո­նա Կիւ­զե­լեա­նի: 2017ի ձմրան ու­րիշ թատ­րոն մը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն, այս ան­գամ տար­բեր հե­ղի­նա­կէ մը:

Խումբ մը ե­րաժշ­տա­սէր­ներ ար­դէն իսկ մաս կազ­մած են Հա­մազ­գա­յի­նի «Կի­լի­կիա» երգ­չա­խում­բին` ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գա­յիա­նէ Սի­մո­նեան-Տէ­րեա­նի,  ա­նոնք ճշդա­պա­հու­թեամբ ու խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը հե­տե­ւին փոր­ձե­րուն եւ ար­դէն իսկ ող­ջու­նե­լի ե­լոյթ­ներ տո­ւին Սեպ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը:

Կը հան­դի­պիմ Շա­ղի­կին, որ իր կար­գին Քե­սապ ե­կած էր իր ա­մուս­նոյն եւ եր­կու ման­չե­րուն հետ: Եր­կուքս ալ մեր լա­ւա­տե­սու­թեան մա­սին կը խօ­սինք: Ան կ­՛ը­սէ. «Ան­ցեալ տա­րի, երբ Սեպ­տեմ­բե­րին Քե­սապ ե­կայ, շատ յու­սա­հատ էի: Բայց հի­մա կը տես­նեմ, որ ա­մէն բան դէ­պի յա­ռաջ կ­՛եր­թայ: Քիչ մըն ալ պի­տի սպա­սենք, որ­պէս­զի մեր հօ­րե­նա­կան տու­նը նո­րո­գենք եւ յա­ջորդ ան­գամ մեր տու­նը մնանք, երբ ար­ձա­կուր­դի հա­մար Քե­սապ կու գանք»: Ես ալ իմ ու­րա­խու­թիւնս կը յայտ­նեմ ի­րեն: Ու­րախ եմ, որ հա­կա­ռակ ի­րենց դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն լա­ւա­գոյ­նը կ­՛ը­նեն, որ­պէս­զի դէ­պի առ­ջեւ եր­թան եւ կեան­քը շա­րու­նա­կեն:  Այս ձե­ւով Քե­սա­պը ան­տէր կամ օ­տա­րին ձեռ­քը չի մնար:

Քե­սապ ապ­րող քե­սապ­ցի­նե­րուն եւ դուր­սը գտնո­ւող քե­սապ­ցի­նե­րուն հա­մար դժո­ւար էր լսել 21 Մարտ թո­ւա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ այդ օ­րը ա­նոնք ստի­պո­ւած էին հե­ռա­նալ ի­րենց գիւ­ղէն, երբ տար­բեր տե­ղեր մար­դիկ կը տօ­նէին գար­նան ա­ռա­ջին օ­րը, իսկ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ` մայ­րե­րու օ­րը: Ա­նոնք ե­րեք ա­միս­ներ ետք, երբ լսե­ցին Քե­սա­պի ա­զա­տագ­րու­մին մա­սին, նոյն օրն իսկ ար­դէն բռնե­ցին վե­րա­դար­ձի ճամ­բան: Հա­կա­ռակ ա­նոր որ կա­յին քան­դո­ւած եւ գող­ցո­ւած տու­ներ, խա­նութ­ներ, սա­կայն ա­նոնք ու­րախ էին, կրնա­յին ի­րենց աշ­խա­տան­քով նո­րո­գել քան­դո­ւա­ծը եւ կա­մաց-կա­մաց վե­րա­դառ­նալ ի­րենց հին օ­րե­րուն:

Վարձ­քեր­նիդ կա­տար, սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ: