Աշակերտին Մեկուսացումը


Լո­ռի Պէր­պէ­րեան

Մտա­ծա՞ծ­ էք ինչ­պէս ա­շա­կերտ մը կը դի­մագ­րա­ւէ այս օ­րե­րու խառն վի­ճա­կը: Քո­րո­նա ժահ­րին բե­րած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կեր­տի վրայ տար­բեր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են․ իմ պա­րա­գա­յիս` խախ­տած են իմ ա­ռօ­րեայ կեն­ցաղս եւ նո­րո­գած են կեան­քի ար­ժէք­նե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թիւնս:

Գար­նա­նա­յին ար­ձա­կուր­դէն ետք` ա­ռա­ջին Եր­կու­շաբ­թիէն սկսեալ մեր ա­ռօ­րեա­յին մաս կազ­մե­ցին առ­ցանց դա­սա­պա­հե­րը, հա­մա­կար­գի­չի մի­ջո­ցաւ յանձ­նա­րա­րո­ւած դա­սերն ու գրա­ւոր­նե­րը, դա­սա­րան­նե­րու վե­րա­ծո­ւած ննջա­սե­նեակ­ներն ու internet-ի խնդիր­նե­րը:

Մէկ օ­րէն միւ­սը, ա­մէ­նօ­րեայ ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւ­նը դար­ձաւ հե­ռա­ւոր յի­շա­տակ մը եւ դա­սըն­կե­րոջ կամ ու­սու­ցի­չի հետ պարզ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը դար­ձաւ սրտիս կեդ­րո­նա­կան տեն­չը:

Ա­ռա­ւօ­տեան խճո­ղո­ւած ճամ­բան դէ­պի դպրոց այ­լեւս այն­քան նե­ղա­ցու­ցիչ չթո­ւե­ցաւ ին­ծի: Դպրո­ցի ճա­շաս­րա­հին մուտ­քին հա­ւա­քո­ւած մեծ խում­բի մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած աղ­մու­կը` այ­լեւս այն­քան գէշ չէ: Մէկ դա­սա­պա­հէն միւ­սին հաս­նե­լու ա­ճա­պա­րանքս եւ նոյն ա­տեն դա­սըն­կե­րոջս հետ տէր­տէ­րու փո­խա­նա­կու­մը այ­լեւս թան­կա­գին ե­ղան ին­ծի հա­մար: Սկսայ փնտռել մեր թո­ւա­բա­նու­թեան ու­սուց­չու­հիին սաս­տու­մը մեր ու­շաց­ման հա­մար եւ ա­նոր հե­տե­ւող ջղա­յին բա­ցատ­րու­թիւ­նը՝ շա­տա­խօս դա­սըն­կեր­նե­րուս «կա­րե­ւոր» նիւ­թե­րու մա­սին կողմ­նա­կի խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն վրայ իշ­խող ձայ­նով մը: Կ’ե­րա­զեմ վե­րա­դառ­նալ այն օ­րե­րուն, երբ դա­սի ժա­մա­նակ դա­սըն­կեր­նե­րուս շար­ժում­նե­րէն կեդ­րո­նա­ցումս կը կորսնց­նէի, իսկ հի­մա՝ կեդ­րո­նա­ցումս խան­գա­րող միակ շար­ժու­մը մօրս յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րն են՝ զիս ճա­շի հրա­ւի­րող:

Այս ե­րա­զանք­նե­րով եւ ձգտում­նե­րով հան­դերձ` լաւ բա­ներ ալ բխե­ցան այս դժբախ­տու­թեան աղ­բիւ­րին ա­ռատ հո­սան­քէն: Հի­մա` առ­ցանց դա­սա­պա­հե­րուն պատ­ճա­ռաւ, ա­շա­կերտ­ներս ստա­ցանք չգրո­ւած ի­րա­ւունք­ներ` ո­րե­ւէ դա­սա­պա­հի ըն­թաց­քին, ա­ռանց պա­տի­ժի մտա­հո­գու­թեան, ճա­շե­լու, մեր հե­ռա­ձայ­նով զբա­ղե­լու, ա­ռանց ար­տօ­նու­թեան լո­ւա­ցա­րան եր­թա­լու, ու­սու­ցի­չը չլսե­լու եւ այլն․ շատ չը­սեմ, ե­թէ ոչ մի քա­նիէն կը զրկո­ւինք…

Անձ­նա­պէս, այս փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ե­ղաւ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ար­ժե­ւոր­ման սքան­չե­լի ա­ռիթ: Ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նի­քէս զատ բո­լո­րէն մէ­կու­սա­ցած ու շատ մը միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թե­նէն դադ­րած` սկսայ ինք­զին­քիս հարց­նել՝ իմ ու­րա­խու­թիւնս ուր­կէ՞ կու գայ: Այս հար­ցու­մին ար­դիւն­քով շատ բա­ներ յստա­կա­ցաւ ան­ձիս մա­սին: Անդ­րա­դար­ձայ՝ ես որ­քա՜ն­ ըն­կե­րա­յին անձ եմ եւ թէ տրա­մադ­րու­թիւնս կա­խեալ էր ու­րիշ մար­դոց խօս­քե­րէն ու գոր­ծե­րէն, ո­րոնց­մէ երբ հե­ռա­ցայ, թէեւ ա­ռանձ­նա­ցած` բայց ու­րախ եւ ա­զատ զգա­ցի: Ա­սոր կող­քին, երբ եր­կու ա­միս օ­րա­կան տե­սած ըն­կեր-֊ըն­կե­րու­հի­նե­րէս բաժ­նո­ւե­ցայ, յստա­կա­ցաւ, որ տէրտս ա­ռեր է ան, ո­րուն մտքէն իսկ չեմ անց­նիր:

Այս նոր մե­կու­սա­ցած կեան­քի ձե­ւէն, հասկ­ցայ յար­գը մար­դոց հետ դէմ-դի­մաց խօ­սակ­ցու­թեան, բաղ­դա­տած՝ հա­մա­կար­գի­չի մը ե­րե­սին հետ երկ­վայր­կեա­նա­կան մարդ­կա­յին խորհր­դակ­ցու­թեան:

Ե­թէ իս­կա­պէս կ’ու­զէք հասկ­նալ ինչ­պէս կ’ըն­թա­նան մեր առ­ցանց դա­սա­պա­հե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք կտրտո­ւող wifi-ով, Լի­բա­նան բնա­կող ձեր մեծ մօ­րը հետ skype-ով խօ­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին ան ձե­զի կը բա­ցատ­րէ թո­ւա­բա­նու­թեան ա­մե­նախր­թին հիմ­նա­կան կա­նոն­նե­րը: