Զրոյց` «Սարի Սիրուն Եար» Երգի Նոր Տեսանիւթի Երաժիշտներուն Հետ


«Սարի Սիրուն Եար» երգը կատարող երգիչ-երաժիշտները

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Կանանց միամսեակը սկսած էր, վարդերն ու նուէրները ճամբայ ելած էին իրենց նուրբ տէրերը գտնելու, անդին՝ Թորոնթոյի մէջ վեց նրբաճաշակ երաժիշտներ, օրեր շարունակ, բծախնդրութեամբ ծրագրած էին Գուսան Աշոտի «Սարի Սիրուն Եար» երգով հանդէս գալ ու դիմատետրի եւ YouTube-ի վրայ, իրենց երաժշտական իւրայատուկ կնիքը դաջելով, նորաոճ նուէր մը պարգեւել հայ մայրերուն:

Այդպէս ալ եղաւ, 18 Մարտ 2020-ին, երաժիշտներ` Սեւակ Յարութիւնեան, Յովիկ Կարապետեան, Նվեր Ղազարյան, Սեյրան Ղազարյան, Թորոս Մայտոսեան եւ Շանթ Սլէյման, երաժշտասէր հանրութեան մատուցեցին Աւօ Կարպուշեանի նկարահանած «Սարի Սիրուն Եար» երգի տեսանիւթը, որ տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ, իւրօրինակ գործիքաւորումով եւ ձայնային երեք երանգներ միաւորած երգեցողութեամբ գրաւեց հայ ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը:

Օրեր առաջ հանդիպեցայ այս տեսահոլովակի երաժիշտներէն Նվեր Ղազարյանի, Սեւակ Յարութիւնեանի եւ Յովիկ Կարապետեանի հետ, որոնք իրենց տարած երաժշտական աշխատանքին մասին զրուցեցին եւ ապագայի հետ կապուած նոր ծրագիրներու աւետիսը փոխանցեցին ինծի:

Երգիչներէն Նվեր Ղազարյան այս ծրագրին անցած ճանապարհին մասին խօսելով ըսաւ. «ՙԵս, Սեւակը եւ Թորոսը «Թեւանի» երաժշտական խմբի անդամ ենք: Երեքով որոշել էինք մի երգ նուիրել հայ մայրերին: Նախատեսած երկու երգեր ունէինք, որոնք ներկայացրեցինք Յովիկին ու նա ընտրեց այս երգը եւ նոյն օրն իսկ էնպիսի յուզական մշակումով եւ գործիքաւորումով ներկայացրեց ու կիթառի մեղեդիներով յուզեց մեզ, որ բոլորս ալ հաւանութիւն տուեցինք ու գնացինք փորձերի: Ես եռաձայնի քորդերը գրեցի, Սեւակն էլ ռիթմ պահելու համար քոհոն նուագեց, տղիս` Սեյրանի շուին էլ փոխուեց տուտուկի ու նա իր ամբողջ զգացումը դրեց տուտուկի մեղեդիներուն մէջ: Ձայնագրութեան վրայ Շանթը strings-ի եւ Bass guitar-ի բաժինը աւելացրեց ու ստացուեց մի իւրօրինակ ոճ: Մենք ուզում ենք, որ ըմդմիշտ էդ իւրօրինակ ոճի մէջ մնանք, կրկնօրինակումներից զերծ ենք մնում եւ մեր ուրոյն ուղին ենք յաճախ պահում»:

Սեւակ Յարութիւնեան, իրենց կատարած այս աշխատանքին` հայ ունկնդիրին կողմէ սիրուած ըլլալու եւ շատ դրական կարծիքներ ստանալու փաստին անդրադառնալով՝ ըսաւ. «Մինչ օրս հանրութեան կողմէն սիրուած այս երգը տարբեր մշակումներով ներկայացուած է, բայց հոս` մեր ձայնային երեք երանգներուն միաձուլումը, համահունչ եւ ներդաշնակութեամբ կատարուած երգեցողութեան ընթացքը, երաժշտական գործիքներու ձայներուն բնօրինակութեան պահպանումը եւ Յովիկին կատարած իւրայատուկ գործիքաւորումն ու մշակումը առիթ տուին, որ մեր այս կատարումը ներթափանցէ ունկնդիրներուն հոգիին մէջ եւ իրենց կողմէ հնչած դրական արձգանգները ոգեւորէ բոլորս: Անշուշտ, որ դիտումներու թիւ ապահովելը մեծ նշանակութիւն ունի, բայց մեզի` երաժիշտներուս պարագային, նախապատուուոթիւնը կը տրուի զգացականին: Մենք այնպէս երգեցինք ու նուագեցին, որ նախ մենք զգանք երգին իւրաքանչիւր մասնիկը, ապա այդ զգացողութիւնը փոխանցենք ունկնդիրներուն: Ամիսներ առաջ, Կոմիտասի 150- ամեակին առիթով, մեր նկարահանած «Հորովել» երգին մէջ մեր երաժշտական ուրոյն ոճը ունեցանք ու այդ գիծը պահպանելով առաջ անցանք ու ներկայացուցինք` «Սարի Սիրուն Եար»ը: Մօտիկ ապագային Արցախին նուիրուած երգերու շարանով հանդէս պիտի գանք. ուստի յառաջիկայի մեր ծրագիրները շատ են ու բազմազան»:

Յովիկ Կարապետեան այս երգի մշակման մասին նշեց. «Երկու երգերուն միջեւ ընտրութիւն կատարելը շատ դիւրին էր, որովհետեւ մօրս ձայնով լսած ու սրտիս մօտիկ այս հոգեհարազատ երգին մէջ մանկութեանս յուշերը պահուած գտայ ու սկսայ ուրոյն ոճովս ու ամենայն բծախնդրութեամբ կատարել գործիքաւորումն ու մշակումը: Փորձերու եւ ձայնագրութեան ժամանակ այնքան քաղցրահունչ ու ներդաշնակ հնչեց իւրաքանչիւրին երգեցողութիւնը, կիթառին ձայնը, գործիքներէն բխած համահունչ նուագները եւ հայկական տուտուկի զգացախառն մեղեդին, որ մեզ փոխադրեց հայրենի աշխարհ: Շատ ուրախ եմ, որ մշակումս սիրուեցաւ հանրութեան եւ երաժիշտներուն կողմէն: Մենք միասնաբար, նորանոր ծրագիրներով, կը շարունակենք երաժշտական մեր նուիրական ուղին»:

«Սարի Սիրուն Եար» երգի այս տեսանիւթով համախմբուած երաժիշտները իրենց խումբը չեն անուանակոչած ու ըստ Սեւակ Յարութիւնեանի` իրենց կապողը հայկական երգի հանդէպ իրենց տածած մեծ սէրն է ու նուիրումը: