Թորոնթոհայ Ամսաթերթը՝ Դէպի Նոր Հորիզոններ


Մարաթուկ


Ուրբաթ 19 Մայիս 2017. Victoria Day երկար շաբաթավերջի նախօրեակին՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ եռուզեռ է։

Մուտքին՝ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի տասներկու տարիներու վաստակը՝ մեծ կլոր սեղանին վրայ ճաշակաւոր կերպով իրարու վրայ դիզուած թերթերու կոյտը՝ Թորոնթոյի հայ համայնքին յատկապէս ու հայութեան ընդհանրապէս՝ պատմութենէն փրցուած հատոր մը ըլլայ կարծես, որուն էջերուն մէջ կան բազմաթիւ յատկանշական ձեռքբերումներ, պատերազմ ու խաղաղութիւն, համով ճաշեր, միութենական անծայրածիր գործունէութիւն, առօրեայ մտորումներ, գրական գոհարներ, թուաբանութեան անկիւն, հին ու նորօրեայ հերոսներ ու վերջապէս՝ անցեալն ու ապագան, համամարդկայինն ու ազգայինը իրարու շաղախող՝ թիւով 139 հրատարակութիւն։

Տրամադրութիւնները բարձր են. երկար սպասուած առիթ մը՝ Թորոնթոյի հայութիւնը համախմբելու, իրենց գործունէութեան հայելին դարձած թերթին փոխադարձ նեցուկ բերելու հոյակապ միջոցառում։

Թուաբանագէտ ու տաղանդաւոր դաշնակահար Րէյմոնտ Սարգիսեանի դասական երաժշտութիւններու մեկնաբանութիւնը մեծապէս կը տպաւորէ հանդիսատեսները, որոնք կը շտապեն գրաւել իրենց տեղանները։ Հանդիսավարներուն խանդն ու եռանդը վարակիչ է. գաղութի փայլուն երիտասարդներէն՝ Վարագ Պապեանն ու Արտա Զաքարեանը, վերջինը նաեւ հանրայայտ դէմք՝ CP24 հեռուստակայանի, լաւ համադրուած, իւրայատուկ ոճով եւ երկլեզու՝ բացումը կը կատարեն «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի 12րդ ամեակին առիթով հանգանակային երեկոյին, աւելի քան երկու հարիւր հանդիսատեսներու ներկայութեան։ Հայր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէքեանի կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, Համայնքի բոլոր եկեղեցիներէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, կազմակերպութիւններէն ու կրթական մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ, վաճառատէրեր, ընթերցասէր ու մշակութասէր հայորդիներ համադամ ուտեստեղէններու ու գինիի շուրջ իրենց մտերմիկ զրոյցները կը շարունակեն։

Քիչ անց, մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք պաստառներուն վրայ ցուցադրուող, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի մասին խումբ մը ընթերցողներու կողմէ փոխանցուող վկայութիւններուն ու սրտի խօսքերուն։ Որքա՜ն հաճելի է լսել երիտասարդն ու երէցը, միութենականը, հաշուագէտն ու արուեստագէտը…, զանազան հետաքրքրութիւններով լեցուն անհատներու անդրադարձը թերթին մասին. փաստ՝ որ «Թորոնթոհայ» եղած է բոլորին թերթը, անխտիր։

Տեսերիզը խնամքով համադրուած է կազմակերպիչ յանձնախումբէն Տոքթ. Անի Հասըրճեանի առաջնորդութեամբ։

Տոքթ. Անի Հասըրճեան

Աւարտին, հանդիսավարները կը ներկայացնեն գաղութի խոստմալից երիտասարդներէն՝ քանոնահար Մատիանա Թորոսեանը ու  գաղութին ծանօթ, երկարամեայ վաստակ ունեցող դաշնակահար՝ Թալին Գըլըպոզեանը։ Միասին՝ ընտիր երաժշտութիւններու շարանով մը խանդավառելէ ներկաները, Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբէն շնորհալի Մինէ Ծատուրեան հանդէս կու գայ Թալինի ու Մատիանայի հետ, հմայելով ներկաները «Որտեղ գտնեմ քեզ» երգի գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ։

Կը վերադառնանք պաստառներուն. Սահիկներու միջոցով, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի խմբագիր Կարին Սաղտըճեան մանրամասն կերպով կ՚անդրադառնայ ամսաթերթին, առաջին օրէն մինչ օրս ձեռքբերումներուն, յաջողութիւններուն, գնահատագիրներուն, նաեւ դժուարութիւններուն, նշելով բոլոր անոնք որոնք սատարած են թերթի վերելքին, յատկապէս ծանրանալով որոշ անհատներու վրայ որոնք առաջին օրէն իսկ իրենց ներդրումը ունեցած են, ինչպէս էջադրող արուեստագէտ Արա Տէր Յարութիւնեանը, Անաբել Շարոյեանը, ապա նաեւ Տոքթ Անի Հասըրճեանն ու Արշօ Զաքարեանը։ Շարունակելով, կը նշէ աշխատակիցները, նաեւ անձեր, որոնք իրենց գրութիւններով ու նեցուկով սատարած են թերթի վերելքին։ Ան յատկապէս կը շեշտէ թերթը առցանց նաեւ հրապարակելու, կայքէջ մը յառաջացնելու եւ ապագայ գրողներ գտնելու կամ թրծելու կարեւորութիւնը՝ «Թորոնթոհայ»ի յառաջխաղացքին մէջ։

Թորոնթոհայ ամսաթերթի խմբագիր Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեան

Կարինին կը յաջորդէ Թորոնթոյի հայ համայնքին ծանօթ ու սիրելի դասախօս, գիրքերու հեղինակ ու օրուան պատգամաբեր՝ Դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչիլ. ան հայերէնով, ապա՝ անգլերէնով վեր կ՚առնէ ամսաթերթին կարեւորութիւնը, ապագայէն դէպի ներկան իր կիզակէտը դարձնելով, բացատրելով՝ որ երբ ապագային յետադարձ ակնարկ մը ուզեն նետել այս համայնքին վրայ, պիտի տեղեկանան Թորոնթոյի հայութեան կեանքին ու գործունէութեան «Թորոնթոհայ» ամսաթերթին միջոցով։  Կը նշէ անցնող տասնամեակին մէջ կարեւոր երեւոյթներ, որոնք լայն տեղ գտած են ամսաթերթին էջերուն մէջ, ինչպէս Սուրիոյ հայերուն իրավիճակը, Արցախի քառօրեայ պատերազմը եւ այլ։

Դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կ՛անդրադառնայ հայ թերթի եւ Թորոնթոհայի կարեւորութեան մասին

Դոկտ. Իզապէլին կը յաջորդէ «Թորոնթոհայ»ի երկարամեայ աշխատակից, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան: Ան կը կեդրոնանայ հայ թերթի դերակատարութեան վրայ անցեալէն մինչ օրս, նշելով կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ, որոնցմէ են՝ հայ թերթը իբր դպրոց, ոգեղէն ու հոգեմտաւոր սնունդ ապագայ ղեկավարներու, նաեւ հայ լեզուի արթուն պահակ։ «Հոն՝ ուր հայ համայնք մը գոյացած է, վերջ ի վերջոյ այդ համայնքի վերելքին սատարած է հայ թերթ մը. մեր պարագային, ատիկա «Թորոնթոհայ»ն է» կ՚ըսէ ան։

Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան կը գնահատէ հայ թերթին դերը հայ գաղութներու կեանքին մէջ։

Զիրար ամբողջացնող ներկայացումներէն ներշնչուած՝ կը վերադառնանք երաժշտութեան. Մինէ Ծատուրեան դարձեալ բեմահարթակի վրայ է, այս անգամ՝ ընկերակցութեամբ սրնգահար ու «Թորոնթոհայ»ի սիւներէն՝ Արա Տէր Յարութիւնեանի ու դաշնակահար Րէյմոնտ Սարգիսեանի հետ. գարնան այս անուշ երեկոյին ի՚նչ կայ աւելի յարմար քան՝ «Գարնանային»ը։

Գեղարուեստական բաժինը իր աւարտին կը հասնի երիտասարդ արուեստագէտներ դաշնակահար Գարինա Խշուաճեանի ու ջութակահար Նշան Փափազեանի գեղեցիկ ելոյթով. կը լսենք Արամ Խաչատուրեանի հոգեպարար «դիմակահանդէս»ը։

Բարձրորակ այս երեկոյին վարիչները՝ Արտան ու Վարագը հոյակապ գործ կը տեսնեն իւրաքանչիւր ելոյթ ունեցողէ առաջ երկու խօսք փոխանցելու իրենց մասին։

Ձեռնարկի աւարտին, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթին ծնունդ տուող ու հովանաւոր՝ ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան Կոմիտէի, ինչպէս նաեւ բոլոր համայնքին թարգմանը կը հանդիսանայ յիշեալ Կոմիտէի հերթապահ Յակոբ Ճանպազեան, շեշտելով «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի անհրաժեշտ դերը,  գնահատելով խմբագիրը՝ Կարին Սաղտըճեանն ու էջադրող արուեստագէտ Արա Տէր Յարութիւնեանը, իրենց նուիրումին ու վաստակին համար, քաջալերելով հայ համայնքը, որ շարունակէ իր օժանդակութիւնը բերել՝ սատար հանդիսանալով թերթի վերելքին։ Կարինն ու Արան կը պարգեւատրուին Սգաութ Թիւֆէնքճեանի հեղինակութեամբ «Միայն աշխարհը կայ» ‘There is only the earth’ գիրքէն օրինակներով։ 

Ծափողջոյններով ու կարկանդակի հատումով վերջ կը գտնէ յիշատակելի այս երեկոն, մինչ շնորհաւորութիւններն ու նուիրատուութիւնները կը շարունակուին մինչ օրս։

Կարկանդակի հատում