Հայկական Քոչարին Ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ոչ Նիւթական Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ


“Փանորամա”․- Հայկական քոչարին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: 

Քոչարի պարը հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան բնութագրական դրսեւորումներէն է եւ տարածուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայկական սփիւռքի մէջ: Ան աւանդական մշակոյթի այն հազուադէպ դրսեւորումներէն է, որուն սերունդէ-սերունդ փոխանցման շղթան չէ ընդհատուած, կենսունակ է եւ կը մէկտեղէ ազգային ինքնութեան, միասնականութեան ու համերաշխութեան բոլոր դրսեւորումները` որպէս կատարեալ ժողովրդական ստեղծագործութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕի 2003 թուականի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը վաւերացուցած է 2006ին եւ մինչեւ այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արդէն արձանագրուած է «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը» (2008), «Հայկական խաչքարի արուեստ. խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» (2010), «Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ էպոսի կատարողական դրսեւորումները» (2012), «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» (2014) տարրերը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի ամենամեայ նստաշրջանը տեղի կ՛ունենայ Դեկտեմբեր 4-9, Հարաւային Քորէայի Չեջուտօ կղզիին վրայ: