Դերասանուհի եւ բեմադրիչ Սիրարփի Աճէմեան
Յարութիւն Դերձակեան
Հովանաւորութեամբ` Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի, նախաձեռնութեամբ` վաստակաւոր դերասանուհի եւ բեմադրիչ Սիրարփի Աճէմեանի, եղեռաբախտ մտաւորական, բժիշկ, բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ Ռուբէն Սեւակի նուիրուած գրական-գեղարուեստական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 5 Մայիս 2019 Կիրակի յետմիջօրէին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Սրահը լեցուն էր գրասէրներու հոծ բազմութեամբ: Ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան եւ Միջյարանուանական Մարմնի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան։
Օրուայ հանդիսավար Եդուարդ Պալեան ներկաները ողջունելէ ետք հակիրճ տողերով ծանօթացուց գեղարուեստական բաժնին մասնակցող արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ արուեստագիտուհի Սիրարփի Աճեմեանն ու օրուան բանախօս Շահան Տէղիրմէնճեանը։
Նախ հանդէս եկաւ շնորհալի երգչուհի Արմենիա Սարգիսեան, որ իր քնքոյշ ձայնով գեղեցկօրէն մեկնաբանեց Կոմիտասի ՙՏլէ եաման՚ եւ Ալեքսէյ Հեքիմեանի ՙԿռունկ բարով դառնաս՚ կտորները, ընկերակցութեամբ՝ տուտուկահար Ճանիկ Ստեփանեանի, արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Շահան Տէղիրմէնճեան մանրամասն տեղեկութիւններով եւ հետաքրքրական դրուագներու մէջբերումներով ներկայացուց Ռուբէն Սեւակի կեանքը եւ գործերը։ Մերթ ընդ մերթ Սիրարփի Աճէմեան իր դերասանական զգայուն ոճով արտասանեց Ռուբէն Սեւակի ՙՎերջին օրօր՚, ՙԹրուպատուր՚ները եւ ՙՎերջին հայերը՚ բանաստեղծութիւնները։ Հանդիսութեան աւարտին Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան բեմ բարձրանալով իր փակման խօսքը կատարեց վեր առնելով Սիրարփի Աճէմեանի արժանիքները։
Հայր Սուրբը հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ․ ՙԱրժանաւոր ու բազմավաստակ Սիրարփի Աճէմեան իրեն կեանքի եւ ասպարէզի որպէս կողմնացոյց եւ բնաբան ընտրած է ՙՊահէ աւանդը՚ կարգախօսը ու ահա երկարամեայ տարիներու ընդմէջէն ան ոչ միայն պահպանած, այլ գուրգուրացած է եւ այդ խորանին ծառայելով ընծայած եւ զոհաբերած է իր էութեան լաւագոյնն ու հարստագոյնը։ Այս պահուն յարգալիր ու խնդագին կը խոնարհինք Սիրարփի Աճէմեանի տքնաջան եւ արգասաբեր, բեղուն վաստակին առջեւ, որով ան գեղարուեստին, գիրին ու գաղափարին անսակարկ ու յարատեւ նուիրումովը իր դրական եւ անփոխարինելի ներդրումը կատարած է հայ մշակոյթի անդաստանին՚, – ապա շարունակեց իր խօսքը,- ՙՍիրարփի Աճէմեան, իր երիտասարդ կորովով ու նաեւ իմաստուն եւ հարուստ անցեալի փորձառութեամբ բայց մանաւանդ իր իմաստութեամբ շարունակեց երկար տարիներ հայ մշակոյթի աւանդը պահել, գուրգուրալ, ջերմացնել եւ փոխանցել հայութեան, յատկապէս արտասահմանի բոլոր խաւերուն՚։ Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գրասէրներուն ու կազմակերպիչ յանձնախումբին։
Ձեռամբ Հայր Եղիայի, յուշապնակ մը յանձնուեցաւ օրուայ բանախօս Շահան Տէղիրմէնճեանին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հովիւին. Թորոնթոհայ Թատերասէրներու Խմբակի Ատենապետ Տոքթ. Պերճ Արթինեանի անունով Տիկին Աճէմեանին յանձնուեցաւ Յակոբ Ճանպազեանի կողմէ բծախնդրութեամբ պատրաստուած գնահատագիր մը։ Ապա բոլոր արուեստագետները ստացան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ներկաները անգամ մը եւս առիթը ունեցան վայելելու վաստակաւոր դերասանուհին եւ բեմադրիչը։