Ցեղասպանագէտ Վահանգն Տատրեան դասախօսութեան ընթացքին։
Կարէն Ղազարեան
«Ռատիոլուր»,- 93 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական Վահագն Տատրեան։ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ընտանիքի մը մէջ ծնած (Պոլիս, 1926) Վահագնի համար դժուար եղած է մասնագիտութեան ընտրութիւնը, թերեւս այս մէկը նաեւ կը վկայէ ուսումնառութեան ճանապարհին եւ գիտութեան մէջ անոր անցած ուղին։ Տատրեան նախ աւարտած է Պերլինի համալսարանի ուսողութեան, ապա՝ Վիեննայի համալսարանի պատմութեան եւ Ցիւրիխի համալսարանի միջազգային իրաւունքի ուսումնարանները։
Տատրեան գիտական շրջանակներուն մէջ յայտնի էր նախ որպէս մաթեմաթիքոս, ապա՝ ընկերաբան, ընկերաբանութեան դոկտոր, իրաւագէտ, պատմաբան, փրոֆեսոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ Թորոնթոյի Զօրեան Հիմնարկի Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման բաժնի տնօրէն։
2011-17 թուականներուն Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանը հետեւեալը կը յիշէ․ «Ինքը կը պատմէր, թէ (ապագայ գիտնականը) 20-րդ դարասկիզբի ողբերգութեան մասին լսած էր Վիեննայի մէջ ուսանած շրջանին, երբ դասընկերներէն մէկը հարցուցած էր անոր, թէ՝ արդեօք կարդացա՞ծ է Ֆրանս Վերֆէլի «Մուսա Լերան 40 օրը»։ Այդ ժամանակ պատանի Տատրեանին անյայտ էին թէ՛ հանրաճանաչ այդ գործը, թէ՛ ընդհանրապէս ողբերգական փաստերը։ Անկէ ետք, ծանօթանալով իր ընտանիքի իրական պատմութեան՝ պատմաբան-իրաւագէտը հետագայ իր գործունէութեան էական մասը նուիրած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանին տեղի ունեցած ոճրագործութեան փաստական հիմքերու եւ անոր միջազգային իրաւական հիմնաւորումներու ժխտողականութեան դէմ պայքարի ուսումնասիրութեան հարցերուն։ Դժուար է գերագնահատել Վահագն Տատրեանի աւանդը ո՛չ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, միջազգային իրազեկուածութեան բարձրացման հարցին մէջ։
Շատերը Վահագն Տատրեանը կը համարեն Հայ Ցեղասպանութեան ռահվիրա, նուիրեալ։ Ան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն մէկն է։
ԵՊՀ Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան բաժինի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի Համեմատական Ցեղասպանագիտութեան բաժինի վարիչ, Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան խորհուրդի անդամ Սուրէն Մանուկեան հետեւեալը կը նշէ․ «1970-ականներուն սկսան իր աշխատանքները այդ ուղղութեամբ եւ ան փաստացիօրէն դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան առաջամարտիկը։ Այն ժամանակ բաւական զարգացած էր Հոլոքոստի ուսումնասիրութիւնը՝ որպէս գիտաճիւղ, եւ Վահագն Տատրեանը առաջինն էր, որ փորձեց ՙՀամեմատական Ցեղասպանագիտութեան՚ միջոցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մտցնել այդ ուսումնասիրութիւններու դաշտ եւ՝ յաջողեցաւ։ Իր ջանքերուն շնորհիւ է, որ մենք այսօր կրնանք ըսել, թէ՝ գոնէ ցեղասպանութեան փաստը անվիճելի է, այսինքն՝ ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ Հայոց Մեծ Եղեռնի՝ Ցեղասպանութեան փաստը»։
Վահագն Տատրեանի ջանքերով Հայոց Ցեղասպանութիւնը յուզական շղարշէն դուրս ներկայացուեցաւ՝ որպէս գիտական, փաստագրական ստոյգ, չոր իրողութիւններու վրայ հիմնուած կաբիտալ, ասական գործեր, որոնք մեծագոյն ներդրումը դարձան հայ ցեղասպանագիտութեան մէջ։ Ան կրցաւ այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել այդ գիտութեան մէջ՝ զայն օժտելով գիտական անհերքելիութեան այդքան կարեւոր յատկանիշով։
Մեծանուն գիտնականը իր նապատակներուն մասին ըսած է․ ՙՆահատակներուն յիշատակը անթառամ պէտք է մնայ։ Միակ նպատակս՝ իմ գործերովս հայ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելն է։ Իրաւունք չունինք մոռնալու՚։
Ցեղասպանագիտութեան տեսանկիւնէն յատկապէս արժէքաւոր կը համարուին Վահագն Տատրեանի ՙՀայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով՚ խորագիրը կրող 1995-ին հրատարկուած հայերէն աշխատութիւնը, ՙՀայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանական Պատասխանատուութիւնը։ Պատմական Ապացոյցի Ստուգաբանութիւն՚ վերնագիրը կրող անգլերէն աշխատութիւնը (1996) եւ 1998-ին անգլերէնով հրատարակուածՙ Ցեղասպանութեան Երաշխիքը։ Թուրք-հայկական Հակամարտութեան Գլխաւոր Բաղադրատարրեր՚ խորագիրով մենագրութիւնները։
Միջազգային իրաւունքի պարունակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերլուծութեան նուիրուած է ՙ Ցեղասպանութիւնը Որպէս Ազգային եւ Միջազգային Իրաւունքի Հիմնահարց։ Հայկական Հարցը Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը՚ 1989-ին հրատարակուած անգլերէն աշխատութիւնը։
Վահագն Տատրեան պարգեւատրուծ է շարք մը մետալներով, անոնցմէ կը յիշենք՝ ՀՀ Մովսէս Խորենացիի եւ Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մաշտոց մետալներով, ՀՀ նախագահի ոսկէ մետալով, ինչպէս նաեւ՝ Հարվըրտի համալսարանի ՙՎերիտաս՚ ոսկէ մետալով, Ցեղասպանագէտ գիտնականներու միջազգային կոմիտէի Ֆրիտէոֆ Նանսէնի ոսկէ յուշամետալով։
(Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան)