Յարութիւն Դերձակեան
Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի կառավարչական հմտութիւններու բաժնի հանրային կառավարման ծրագրի ղեկավար, Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կառավարման ՙ Պետրոսեան կեդրոն ՚ի գործադիր տնօրէն, ՙ Ռոլինկ Հիլզ Էսթեյթ ՚ քաղաքի քաղաքապետ, աշխարհի հայ իրաւաբաններու միութեան նախկին ատենապետ, ազգային գործիչ ու քաղաքագէտ, իրաւաբան, նախկին Պոլսահայ յայտնի փրոֆ․ Ֆրանք Վռամ Ծերունեան, իր նախակրթութիւնը ստացած է Պագըրգիւղի Տատեան վարժարանի մէջ, իսկ յետոյ Փարիզի Սամուէլ Մուրատ Մխիթարեան վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մեկնած է Ամերիկա։ Ան Ամերիկայի մէջ նախ վկայուած է Գալիֆորնիա Սթէյթ համալսարանէն, ապա Ուէսթըրն Սթէյթ իրաւաբանական վարժարանէն։
Փրոֆ․ Ֆրանք -Վռամ Ծերունեան հինգ տարիներէ ի վեր կը դասախօսէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, նոյն ժամանակ կը դասախօսէ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային կառավարման Ակադեմիոյ գիտական յանձնախումբի, Երեւանի Պետական համալսարանի, ինչպէս նաեւ Վազգէն Սարգիսեան ռազմական համալսարանի դասախօսութեան թէմաներու գիտութեան բաժնին մէջ։
Իր դասախօսութեան նիւթերն են՝ «Հանրային կառավարում (Public administration – Governance), Առաջնորդութիւն (Leadership) եւ բանակցութիւն (Negotiation)։
Փրոֆ․ Ծերունեան Յունիս 2018ին հրաւիրուած էր Հայաստանի օդային ուժերու հիմնադրութեան 26րդ․ տարեդարձի հանդիսութիւններուն։ Այս հրաւէրը եկած էր Ծերունեանի նախկին աշակերտներէն գնդապետ․ Գագիկ Ասլանեանի կողմէ։ Ծերունեան այցելեց Երեւանի մէջ օդաչուներու մարզավայրը, ապա Կիւմրիի հայաստանի օդային ուժերու կեդրոն ( էր Պէյզ )։
Փրոֆ․ Ծերունեան 27 Յունիս 2018ին ՀՀ Պետական կառավարման ակադեմիոյ (ՊԿԱ) կողմէ հիւրնկալուեցաւ եւ հանդէս եկաւ մագիստրոսի ուսման հետեւող ուսանողներու առջեւ, անդրադառնալով հետաքրքրական եւ արդիական թեմաներու, մասնաւորաբար կառավարման ոլորտի մէջ այնքան կարեւոր ՙ բանակցութիւններ-նոր բանակցութիւններ ՚ թէմային։ Բանախօսութեան երկրորդ մասին առանցքային նիւթը ամերիկեան կրթութեան ոճն ու փորձառութիւնն էր։ Այս մասին ներկայ գտնուեցան ակադեմիոյ աշխատակազմն ու դասախօսներ։ Պետական կառավարման Ակադեմիոյ վերատեսուչ Արսէն Լոքեանի առաջարկով, Փրոֆ․ Ծերունեան մանրամասնօրէն ներկայացուց նաեւ իրենց համալսարանին մէջ գործող կարգերն ու բարքերը։
Փրոֆ․ Ծերունեան հանրային կառավարման ակադեմիոյ կողմէ պարգեւատրուեցաւ Տոքթորայի տիտղոսով, իսկ Հայաստանի ռազմական ուժերու կողմէ ալ ՙՊատուոյ Գնդապետ՚ի տիտղոսով: