Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին ՄԷջ Պիտի Բացուի Երկրի Առաջին Հայկական Թանգարանը


Վագըֆի հայ առաքելական եկեղեցին

«Միլլիէթ», «Երկիր»,- Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ գտնուող միակ հայկական գիւղին՝ Վագըֆի (Վաքըֆլի- թրք․) մէջ պիտի բացուի Թուրքիոյ մէջ առաջին հայկական թանգարանը: Վաքըֆլըի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ֆոնտի նախագահ Ճեմ Չափար աղբիւրին յայտնած է, որ այս թանգարանը պիտի ապացուցէ, որ հայերն ու թուրքերը ապրած են եւ կրնան ապրիլ միասին: Չափար նշած է, որ թանգարանը Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յատուկ կարգավիճակ  ստացած է եւ աւելցուցած, որ Արեւելեան միջերկրածովեան զարգացման գործակալութիւնը կ’աջակցի թանգարանի բացումին: Թանգարանը պիտի ցուցադրէ Վագըֆի մշակոյթի, լեզուի, պատմութեան, խոհանոցի, պարերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

«Իրականութեան մէջ գիւղական այս թանգարանով կը պատրաստուինք պատմել ե՛ւ հայկականութեան, ե՛ւ քրիստոնէութեան մասին: Որովհետեւ համալսարան աւարտած մարդիկ կու գան եւ կը հարցնեն թէ արդեօք Անատոլիոյ մէջ եղած հայկականութիւնը ազգ է, թէ կրօնք, արդեօք այստեղի հայերը Հայաստանէն եկած հայեր են, ինչ եղաւ հայերու հետ: Մենք կարիք ունինք պատմելու», նշած է ան:

Վագըֆի հայկական եկեղեցւոյ վանահայր Աւետիս Թապաշեան նշելով, որ մինչեւ 1939 թուականը Հաթայը եղած է Ֆրանսայի իշխանութեան տակ, աւելցուցած է, որ Մուսա լերան ստորոտին Վագըֆի նման 6 գիւղ  եղած է, սակայն Հաթայը Թուրքիոյ միանալէն ետք  շրջանի հայերուն մէծ մասը գաղթած է,  մաս մըն ալ տեղափոխուած է Վագըֆ. «Վագըֆի մէջ 35 հայ ընտանիք կ՛ապրի, սակայն մեծամասնութիւնը արտասահմանի մէջ է: Մեր գիւղին մէջ գրագիտութեան մակարդակը 99 տոկոս է: Եկեղեցւոյ մէջ պատարագները հայերէն կը մատուցենք: Գիւղը ունի իւրայատուկ բարբառ: Այստեղ բնակողները գիտեն ե՛ւ արեւելահայերէն, եւ արեւմտահայերէն, բայց արաբերէն եւ հայերէն խառնուրդով բարբառը մեզի յատուկ լեզու է: Այստեղ բոլորը գիտեն այդ լեզուն», նշած է տէրհայրը: