ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի Ձմեռնային Բանակում


Ընդհանուր պատկեր՝ Արի Արենուշներու եւ Արծուիկ Գայլիկներու:

ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղը իր ձմեռնային երկու բանակումները կատարեց Camp Samac բանակավայրէն ներս, ուր ներկայ էին աւելի քան 150 քոյրեր եւ եղբայրներ: Հակառակ ցուրտին, սկաուտները անհամբեր կը սպասէին այս բանակումներուն:

Երեկոյեան ժամը 8:00ին, խումբերը բանակավայր հասան, ուր ստանձնեցին իրենց տնակները եւ բանակումի բացման արարողութիւնը կատարեցին “Յառաջ Նահատակ» քայլերգով․ բանակումի օրէնքներու բացատրութենէն ետք, խմբակային դրութիւն տեղի ունեցաւ եւ իւրաքանչիւր խմբակ կոչուեցաւ ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն մէկուն անունով:

Բանակումները նուիրուած էին ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50ամեակին, նպատակ ունենալով անդամներուն ծանօթացնել իրենց մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ սխրանքները:

Իւրաքանչիւր խումբ ունէր իր յատուկ յայտագիրը, որ կը պարունակէր ազգային եւ սկաուտական դասախօսութիւններ, երգեր, սկաուտական խաղեր, տեսերիզով պատրաստուած նիւթեր եւ ձեռնային աշխատանքներ:

Յաջորդ առաւօտ, սկաուտները աշխուժութեամբ իրենց սկաուտական մարզանքը կատարեցին եւ նախաճաշեցին, ապա տեղի ունեցաւ գայլիկ-արծուիկներու փողկապի տուուչութեան արարողութիւն:

Գայլիկ-արծուիկները հակառակ իրենց փոքր տարիքին, բարձր գիտակցութեամբ խոստում կատարեցին, ինչպէս նաեւ կրկնեցին վոհմակին օրէնքը եւ արժանացան դեղին փողկապին: Աքելան եւ մասնաճիւղի խմբապետը շնորհաւորեցին անդամները, մաղթելով  յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն ՀՄԸՄի շարքերէն ներս: Նորագիր պարմանուհիները իրենք եւս կատարեցին իրենց խոստումը եւ ստացան գինեգոյն փողկապը, խոստանալով որ յանձնառու պիտի ըլլան յաւելեալ պարտաւորութիւններու եւ պարտականութիւններու, տէր կանգնելով իրենց խոստումին:

Ձմեռուայ եւ ձիւնի առիթը լաւագոյնս օգտագործելով, խումբերը պատրաստեցին սայլակներ եւ իրար հետ մրցելով  hաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցուցին: Խմբապետական կազմի պատրաստած ռալիի ընթացքին, խումբերը աշխուժութեամբ կը մրցէին առաջնութեան տիրանալու համար: 

Հասած էր խարոյկը վառելու ժամը: Ճիշդ էր որ օդը քիչ մը ցուրտ էր, բայց այդ մէկը արգելք չեղաւ, որ խարուկահանդէսը իրականանայ: Խարոյկ վառելու արարողութիւնը սկսաւ կանչերով ու շարունակուեցաւ ազգային երգերով եւ զաւեշտով, ջերմ եւ մտերիմ մթնոլորտ ստեղծելով անդամներուն միջեւ: Արդէն ճրագմարին ժամը հասած էր եւ սկաուտները պէտք էր պատրաստուէին յաջորդ օրուայ:

Յաջորդ առտու անոնք դարձեալ մարզանքով սկսան իրենց յայտագիրը եւ ետքը սկաուտական տարբեր նստակեաց խաղեր խաղցան, ապա սկսան բանակավայրը մաքրել եւ իրենց ապրանքները դասաւորել:

Բանակումի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ով Հայ Արի» քայլերգով:

Վերադարձի ժամը հասած էր: Սկաուտները ձեռք ձեռքի բռնած ցտեսութեան երգը երգեցին․ «Ցտեսութիւն մըն է եղբայր, միայն ցտեսութիւն. դարձեալ իրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն»:

Տուն վերադարձին անոնք իրենց հետ նոր գիտելիքներ բերին, ունեցան գեղեցիկ յիշատակներ, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ սորվեցան առաջնորդուիլ «Բարձրացի՛ր Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով:

Արծուիկներու Երամ եւ Գայլիկներու Վոհմակ։